ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Անցեալ Ուրբաթ օր Արիզոնայի նահանգապետ Ճեն Պրուըրի կողմէ ստորագրուած նոր օրէնք մը հակադարձութեան ալիք բարձրացուցած է Միացեալ Նահանգներու տարածքին: Օրէնքը, որուն նպատակն է ապօրինի գաղթականներուն հոսկը նուազեցնել, արտօնութիւն կու տայ նահանգի ապահովական մարմիններուն կասեցնելու եւ հարցաքննելու ոեւէ անհատ, որ ապօրինի գաղթական կը նկատուի:
Մինչ դաշնակցային իշխանութիւնները կը քննեն, թէ սպանախօս քաղաքացիներուն դէմ խտրական նկատուող այս քայլը որքանո՞վ սահմանադրական է, նահանգի կարգ մը շրջաններուն մէջ ոստիկանապետներ կը յայտնեն, թէ պիտի չգորածդրեն այդ օրէնքը՝ զայն անարդար որակելով:
Կարգ մը նահանգներ, գլխաւորութեամբ Քալիֆորնիոյ, սկսած են քննել Արիզոնոյի դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու կարելիութիւնը, որպէսզի նահանգը վերատեսութեան ենթարկէ այս օրէնքը, որ մեծ մասամբ հիմնուած է Քալիֆորնիոյ մէջ 1994ին վաւերացուած, սակայն աւելի ուշ հակասահմանադրական նկատուած թիւ 187 բանաձեւին վրայ:
Արիզոնա 1980ական եւ 1990ականներուն եւս նման տագնապ մը յառաջացուցած էր՝ մերժելով արձակուրդային օր նկատել Մարթին Լութըր Քինկ կրտսերի օրը, որուն հետեւանքով նահանգը ենթարկուած էր շարք մը պատժամիջոցներու եւ տեղի տալով՝ 1993ին որդեգրած էր Մարթին Լութըր Քինկ կրտսերի ու քաղաքացիական իրաւանց օրուան արձակուրդը:
Նահանգը այս անգամ եւս կը գտնուի իր քաղաքացիներուն մէկ մասին իրաւունքը ոտնակոխող սոյն քայլը պաշտպանելու դժուար եւ հաւանաբար անյաղթահարելի մարտահրաւէրին առջեւ, հակառակ այն իրողութեան, որ օրէնքին հեղինակները կը պնդեն, թէ նկատի առած են թիւ 187 եւ նման օրինագիծերու դիմագրաւած դժուարութիւնները, եւ նոյն սխալները չկրկնելու նպատակով, պատրաստած են երկրին սահմանադրութեան յարմարող օրէնք մը:
Օրէնքը ի զօրու պիտի դառնայ այս ամառ, եթէ անմիջական քայլեր չառնուին անոր գործադրութիւնը կասեցնելու գծով: