ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Այսօր Հայաստանի նախագահը ուղերձով պիտի դիմէ հայ ժողովուրդին՝ ներկայացնելու համար իր որոշումը՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումներու ուղղութեամբ իր գնահատականն ու եզրակացութիւնը:
Նախագահի ուղերձը պարզ զուգադիպութեամբ կամ միտումնաւոր կարգադրութեամբ կը համընկնի տխրահռչակ «ճանապարհային քարտէս»ի հրապարակման տարեդարձին:
Այս «քարտէս»ը եւ անոր շարունակութիւնը հանդիսացող Արձանագրութիւնները մեծ փոթորիկ յառաջացուցին հայութեան մէջ՝ Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռք:
Այժմ, տարի մը ետք, անձկութեամբ կը սպասենք նախագահի ուղերձին՝ յոյս ունենալով, որ մեր երկրին ու մեր ազգին դիմագրաւած վերջին փորձութիւններուն յստակ ու վճռական պատասխանները պիտի արտացոլուին անոր մէջ:
«Ճանապարհային քարտէս»ին պատճառած լուրջ վնասները մեր հանրապետութեան, հաւանաբար, դժուար ըլլայ սրբագրել: Լալկանութիւն չենք ուզեր ընել: Ընդհակառակը, հաւատքով կը սպասենք, որ այս ուղերձը ըլլայ ծրագրային ելոյթը Հայաստանի նախագահին. ելոյթ, ուր պիտի ուրուագծուին Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու հայութեան պահանջատիրութեան ի խնդիր մեր ընելիքները:
Այս ելոյթով նաեւ կը սպասենք, որ Հայաստանի նախագահը երաշխիքներ տայ, որ Ապրիլ 22ի նման գայթակղութիւններ պիտի չկրկնուին այլեւս, ու մեր հայրենիքի արտաքին քաղաքականութեան մշակումը պիտի կատարուի այնպիսի սկզբունքներով ու հաշուարկումներով, որ այդ ոլորտի պատասխանատուները այսուհետեւ չսխալուող կողմնացոյցներով առաջնորդուին, այլ ոչ թէ փորձարկումներ կատարելու արկածախնդրութիւնը իբրեւ հրաշալի ռազմավարութիւն ներկայացնելու ապարդիւն բանավէճերով խանդավառուին:
Կը սպասենք անձկութեամբ: Մեզ լաւատեսութիւն կը ներշնչեն նախագահի վերջին ելոյթները եւ ելոյթի պահուն որոշումը: Հզօր խորհուրդներ կրող Տէր Զօր ու Ուիլսընի դամբարան այցելած նախագահը, վստահաբար խորհուրդ մը պիտի դնէ «ճանապարհային քարտէս»ի հրապարակման տարեդարձին օրը իր դիրքորոշման յայտարարութեան մէջ: