ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ քաղաքական դաշտի ուշադրութիւնը Չորեքշաբթի, Ապրիլ 7ին սեւեռած էր Փարիզի վրայ, ուր վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան քաղաքական, ընկերային, մշակութային ու տնտեսական մարզերէն ներս համագործակցութիւնը սերտացնելու համար, չորս հանգրուաններէ բաղկացած բանակցութիւններ վարեց Ֆրանսայի իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ։
Այս հանդիպումներու կիզակէտը հանդիսացաւ Էլիզէ պալատին մէջ նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի հետ հանդիպումը, որ նախատեսուած մէկ ժամուան փոխարէն՝ տեւեց մօտաւորապէս երկու ժամ:
Վարչապետ Էրտողանը հանդիպումէն ետք յայտնած է, թէ կրցած է համոզել Սարքոզին, որ նախքան 2010ի աւարտը Թուրքիա այցելէ։
Այս հրաւէրը ընդունելով՝ Սարքոզի պիտի հանդիսանայ վերջին 18 տարիներուն Թուրքիա այցելող Ֆրանսայի առաջին նախագահը: Այս զարգացումը ցոյց կու տայ, որ հակառակ անոր, որ Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան հարցով տարաձայնութիւնները կը շարունակուին, երկու երկիրներու յարաբերութիւնները կրնան ամրապնդուիլ:
Կը նախատեսուի, որ Ֆրանսայի նախագահը Թուրքիա այցելէ Նոյեմբեր 10էն ետք:
Սարքոզիի հետ կայացած հանդիպման մասնակցեցան նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու եւ Եւրոմիութեան հարցերով պետական նախարար Էկեմեն Պաղըշ։
Եւրոմիութեան անդամակցութեան ու Իրանի հիւլէական ծրագրին հարցով առկայ պաշտօնական տարակարծութիւնները այս հանդիպման ընթացքին անգամ մը եւս շեշտուեցան։
Ինչպէս վերջերս Գերմանիոյ վարչապետ Անճելա Մերքել Անգարայի մէջ յայտարարած էր, թէ կողմնակից չէ Թուրքիան Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ դարձնելու գաղափարին, Սարքոզի եւս շեշտեց, թէ Ֆրանսայի համար ընդունելի է միայն այն տարբերակը, որ «Թուրքիա Եւրոմիութեան համար ըլլայ յատուկ գործընկեր, բայց ոչ՝ լիիրաւ անդամ»։
Գալով Իրանի՝ Ֆրանսայի նախագահը շեշտեց, թէ կարեւոր է, որ պատժամիջոցներ կիրարկուին Իրանի դէմ, որ կը ջանայ ամէն կերպով հիւլէական զէնք ձեռք բերել։ Իր կարգին, Էրտողան դիտել տուաւ, որ պատժամիջոցներէն առաջ պէտք է յաւելեալ ժամանակ տրուի հարցը դիւանագիտական խողովակներով լուծելու ընտրանքին:
Կողմերը նաեւ խոստացան գործակցիլ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.