ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Շաբաթ, 27 Մարտ 2010ի երեկոյեան, հայկական շունչով լեցուած էր Կլէնտէյլի Կեդրոնական գրադարանը: ՀՕՄի Շրջանային Վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբի կազմակերպած գրական երեկոն էր, որ նուիրուած էր ստեղծագործ հայ կանանց: Հոն էին շրջանի ՀՕՄի մասնաճիւղերու վարչութիւններն ու անդամ-անդամուհիները: Հպարտալի էր ներկայութիւնը յատկապէս երիտասարդ սերունդի անդամներուն, որոնք եկած էին ապրելու հպարտանքի այն պահը, որուն ընդմէջէն պիտի ծանօթանային հայ կնոջ արժանիքներուն ու ստեղծագործ աշխարհին:

Գրադարանի սրահին մէջ ցուցադրութեան դրուած էին պատմութեան էջերուն մէջ իրենց արժանի տեղը գրաւած հերոսուհիներու դիմանկարները, հայ գրականութեան փայլք տուած հայ կին գրողներու հրատարակութիւնները, արուեստագիտուհիներու նկարչութիւնները եւ մանաւանդ ՀՕՄուհիներու նրբաճաշակ ձեռագործներն ու այլ հետաքրքրական իրեր:
Ժամը 6-7 տրամադրուած էր ցուցահանդէսին: Սրահ մուտք գործող հանդիսատեսները յափշտակուած հետաքրքրութեամբ հետեւեցան ցուցադրուած ստեղծագործութիւններուն:
Ժամը 7ին, ներկաները ողջունեց կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետուհի Լենա Պոզոյեան, որ ձեռնարկի հանդիսավարութիւնը կատարելէ անկախ, նաեւ կատարեց ներկայացուած նիւթերու համադրումի աշխատանքը:
Պոզոյեան գոհունակութեամբ ընդգծեց հայ կնոջ կարեւոր դերը հայկական իրականութենէն ներս, վեր առնելով անոնց արժանիքները հայ ընտանիք եւ ազգութիւն պահելու դժուարին պարտականութեան մէջ: Ան ուրախութեամբ ողջունեց 2010 թուականը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Հայրապետի կողմէ «Հայ Կնոջ տարի» հռչակելու քայլը, որ առիթ պիտի դառնայ նաեւ ըստ արժանւոնյս գնահատելու 100ամեայ Հայ Օգնութեան Միութիւնը, որուն հպարտ անդամուհիներէն մէկն է ինք:
Պոզոյեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց այն ՀՕՄուհիներուն եւ համակիր կանանց, որոնք ճակտի քրտինքով պատրաստած իրենց աշխատանքները ցուցադրութեան դնելով բոլորին գնահատանքին արժանացան: Ան նաեւ նշեց ներկայութիւնը ՀՕՄի կեդրոնական Վարչութեան անդամուհի Նովա Հինտոյեանին եւ ուրախութեամբ յայտարարեց, թէ Հինտոյեան նոյն օրը առաւօտեան Քոնկրեսական Ատըմ Շիֆի կողմէ արժանացած էր «Տարուան Կին»ը տիտղոսին:

Ապա ներկայացուց օրուան դասախօս մտաւորականները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր գրական պաշարներով, ստեղծագործութիւններով եւ արժանիքներով կը նպաստեն հայ կանանց վերելքին եւ ազգային մեր կեանքի զարգացման եւ այնուհետեւ, յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց զանոնք: Այսպէս.
– Սոնա Զէյթլեան դասախօսեց «Հայ Կնոջ Պատմութիւնը Ցեղասպանութենէն Առաջ» շահեկան նիւթին մասին,
– Դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան՝ «Շարունակուող Տառապանք: Եղեռնը Վերապրած, Եղեռնի Զոհ Հայուհին Թուրքիոյ Մէջ»,
– Դոկտ. Դալար Շահինեան՝ «Բազմապատկանելիութիւն եւ Ենթաբաժանեալ Կեանքեր. Ժամանակակից Հայ Կինը իր Խոհերով»:
Ներկաները կեդրոնացումով հետեւեցան ներկայացուած հետաքրքրաշարժ նիւթերուն եւ մօտէն ծանօթացան Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքը ապրած, վերապրող սերունդ ծնած ու ստեղծագործած քաջագործ հայուհիներու իսկական տիպարներուն:
Լենա Պոզոյեան գեղեցիկ ձեւով համադրելէ ետք ներկայացուած նիւթերը, հարց ու պատասխանի առիթ ընծայեց ներկաներուն:
Յայտագրի վերջին բաժնով շնորհակալական ելոյթ ունեցաւ Դաստիարակչական յանձնախումբի մօտ Շրջ. Վարչութեան կապ Աստղիկ Շիթիլեան, որ առաջին հերթին Շրջ. Վարչութեան շնորհակալութիւնները յայտնեց օրուան դասախօսներուն իրենց բացառիկ ներկայացումներուն համար, ապա դաստիարակչական յանձնախումբին՝ եզակի այս ձեռնարկի կազմակերպման համար, իսկ ներկայացուած նիւթերու վրայ յենուելով, ներկաներուն թելադրեց, որ «Իբրեւ մեծ մայրեր ու մայրեր, իւրաքանչիւրիդ պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ, հայ կնոջ մասին կատարուած այսօրուան հերոսական հաստատումները, պատմական իրողութիւններն ու արձանագրուած փաստարկումները փոխանցել գալիք սերունդներուն, որպէսզի անոնք եւս, իբրեւ հարազատ հայուհիներ, ինքնավստահութեամբ շարունակեն իգական սերունդի ներկայացուցիչներու սկսած սրբազան պարտականութիւնները մեր ազգին ու հայրենիքին հանդէպ, հայ կնոջ ձայնը լսելի դարձնելով համայն աշխարհին»:

Այնուհետեւ Շիթիլեան, առ ի գնահատանք օրուան դասախօսներուն, իւրաքանչիւրին յանձնեց ՀՕՄի խորհրդանիշը եւ Արցախի Մամիկն ու Պապիկը կրող յուշամետալ մը:
Ձեռնարկի պաշտօնական բաժինը վերջ գտաւ ժամը 9ին, սակայն ներկաները շարունակեցին իրենց լուսաբանական հարցումները դասախօսներուն եւ անգամ մը եւս ըմբոշխնեցին ցուցադրութեան դրուած ՀՕՄուհիներուն ստեղծագործութիւնները:
Ներկայացուած նիւթերու շահեկանութենէն մեկնած, այս թղթակցութեան հետ կը հրատարակենք զանոնք: