ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի մամլոյ վարչութեան հաղորդած տեղեկութիւններուն համաձայն, Երեւանի պետական համալսարանի (ԵՊՀ) ղեկավար Արամ Սիմոնեանը Ապրիլ 6ին հանդիպած է Հալէպի պետական համալսարանի նախագահ Նիտալ Շհատէի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հալէպի համալսարանի կից լեզուագիտական կեդրոնին մէջ հայոց լեզուի ուսուցման ամպիոնի բացման հետ կապուած խնդիրներ: Ձեռք բերուած է պայմանաւորուածութիւն, ըստ որուն, Սեպտեմբեր 1էն, կեդրոնին մէջ պիտի սկսին հայոց լեզուի ուսուցման դասընթացքները՝ արաբներու եւ սուրիահայերու համար: ԵՊՀ ղեկավարը պատրաստակամութիւն յայտնած է Հալէպ գործուղելու հայոց լեզուի դասախօս, կեդրոնին համար ապահովել ուսումնական նիւթեր, գրականութիւն եւ համակարգիչներ: Իր կարգին, Նիտալ Շհատէ տեղեկացուցած է, որ հայոց լեզուի ուսուցման լսարանը արդէն կահաւորուած է եւ պատրաստ է ուսումնական գործընթացի մեկնարկին:
Կողմերը քննարկած են նաեւ ապագային Հալէպի համալսարանին մէջ հայագիտութեան ամպիոնի հաստատման հնարաւորութիւնները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.