ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Հակադարձելու համար Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրէն ներս Թուրքիոյ դիւանագիտական ներկայացուցչութեանց առջեւ ամէն տարի կայացող հայկական ցոյցերուն, Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող ատրպէյճանցիներու եւ թուրքերու ներկայացուցիչները որոշած են այս տարի ցոյցեր կատարել Ուաշինկթընի եւ Նիւ Եորքի մէջ գտնուող Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութեանց առջեւ:

Թուրքերը նաեւ սկսած են թռուցիկներ բաժնելու Ուաշինկթընի մէջ՝ փորձելով ուրանալ Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Հաւաքներ ու ձեռնարկներ ծրագրուած են նաեւ Արքընսայի, Մինըսոթայի, Օհայոյի, Միշիկընի, Շիքակոյի եւ Ուաշինկթընի մէջ գտնուող համալսարաններու մէջ: