ՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ.- Թիֆլիսի Ջաւաքիշվիլի պետական համալսարանին մէջ գործող հայագիտական ծրագիրի վարիչ փրոֆ. Զազա Ալեքսիծէ Կիրակի, Ապրիլ 11ին, կ.ե. ժամը 4ին, Արարատ-Էսքիճեան թանգարանին մէջ պիտի տայ դասախօսութիւն մը՝ նուիրուած Վրաստանի մէջ հայկական ձեռագիրներուն:
Դասախօսութիւնը կազմակերպուած է թանգարանին, UCLA-ի Հայ լեզուի եւ մշակոյթի ուսմանց բարեկամներու եւ Հայագիտական ուսմանց եւ ուսմնասիրութեան ազգային միութեան (NAASR) համատեղ ջանքերով:
Մուտքը ազատ է, սակայն կարելի է նուիրատուութիւններ կատարել թանգարանին:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 838-4862, (617)-489-1610 կամ (310) 704-4353 թիւերուն եւ ararat-eskijian-museum@netzero.net կամ hq@naasr.org հասցէներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.