Մարտ 30ին, Փասատինայի ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանի բարերարները՝ տէր եւ տիկին Վաչէ Մանուկեանները, իրենց պաշտօնական առաջին այցելութիւնը տուին վարժարանին: Այս առիթով, Հոգաբարձութիւնը, տնօրէնութիւնը, Ծնողաց յանձնախումբն ու Հայրերու խմբակը հաւաքոյթ մը կազմակերպած էին ի պատիւ բարերարներուն: Ներկայ էր նաեւ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեանը: Ընթացքին գործադրուեցաւ վայելուչ յայտագիր մը: Բացման եւ բարի գալստեան խօսքը կատարեց փոխտնօրէն դոկտ. Թալին Քարկոտորեանը, Հոգաբարձութեան պատգամը ներկայացուց Սինան Սինանեանը, իսկ բարերարները պաշտօնապէս ծանօթացուց փրոֆ. Սիլվա Գարայեանը: Ուսանողական պատգամներ տրուեցան, ապա տեղի ունեցան պարախումբի, նուագախումբի, երգչախումբի եւ թատերախումբի ելոյթներ, որոնցմէ ետք Թամար Մանուկեան իր պատգամը փոխանցեց հանդիսականներուն:

Հաւաքոյթի ընթացքին նշուեցան վարժարանին արձանագրած հնգամեայ բազմատեսակ յաջողութիւնները.
– Քալիֆորնիոյ նահանգային չափանիշներու եւ համալսարանական խստապահանջ չափանիշներու վրայ հիմնուած լեզուաբանական, թուաբանական, գիտութեան եւ ընկերային գիտութեան գիտելիքներու դասաւանդութիւն.
– Արհեստագիտութեան նոր ծրագիր՝ հիմնուած պետական չափանիշներու վրայ.
– Ելոյթարուեստի ծրագիր, ներառեալ՝ թատրոն, պար, երգչախումբ եւ նուագախումբ.
– Հայագիտական բարձրորակ դասաւանդութիւն: