ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ կառավարութեան ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի Երեքշաբթի, Ապրիլ 6ին անգամ մը եւս կոչ ըրած է վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին, որ չմեկնի Ուաշինկթըն:
«Ես կտրուկ կերպով դէմ եմ վարչապետի Միացեալ Նահանգներ կատարելիք այցելութեան։ Ատիկա Թուրքիոյ նոր ստորացում, նոր պայմաններ կը նշանակէ։ Արդեօ՞ք պարզ չէ, որ (նախագահ Պարաք) Օպաման հայերուն խօսք տուած է ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը։ Հիմա, ան ատոր համար ներողութիւն պիտի խնդրէ Սարգսեանէն՝ մեր վարչապետին ներկայութեամբ։ Ատիկա տհաճ իրավիճակ է, եւ այդ պատճառով ալ չ՛արժեր այնտեղ մեկնիլ, որովհետեւ ատիկա ժամանակի նոր կորուստ է եւ նոր ստորացում», ըսած է Պահչելի։
Ըստ անոր, վարչապետին այցը կարելի է արդարացնել միայն այն ատեն, երբ Օպամա խոստանայ ներողութիւն խնդրել անցեալ տարի Ապրիլ 24ի իր ուղերձին մէջ հայերէնով արտասանուած «Մեծ Եղեռն» բացատրութեան համար, ու այս տարուան իր ուղերձին մէջ այդ բացատրութիւնը չգործածէ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.