ՓԱՐԻԶ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Չորեքշաբթի, Ապրիլ 7ին Ֆրանսա ժամանած Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, շարունակեց Իսրայէլի հետ իր բանավէճը՝ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարելով, թէ ինք Իսրայէլը կը նկատէ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան գլխաւոր սպառնալիքը: «Եթէ երկիր մը արգիլեալ զէնքեր կը գործածէ Կազայի մէջ, «պռաւօ» պիտի չըսենք», աւելցուց Էրտողան՝ ակնարկելով 2009ի Յունուարին Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումին:
«Մենք չենք կրնար մէկ կողմ կանգնիլ եւ անտարբեր նայիլ անոր (Իսրայէլի), երբ ան Կազայի մէջ երեխաները կը սպաննէ։ Ատիկա անմարդկային է», մէկ օր առաջ տրուած այլ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած էր Էրտողան եւ աւելցուցած, թէ Թուրքիան միշտ պիտի ըլլայ «իսլամներու կողքին, ո՛ւր ալ գտնուին անոնք»։ «Եթէ մենք համերաշխութիւն կը ցուցաբերենք երկրաշարժէն վնասուած Չիլիին ու Հայիթիին, եւ անոնց օգնութեան կը հասնինք, ապա ինչո՞ւ ատիկա չընենք Կազայի պաղեստինցիներուն համար», նշած էր Էրտողան։
Ան հաւաստած էր, որ Թուրքիա ձեռքերը ծալած չի նստիր, եթէ Իսրայէլ կրկին յարձակի Կազայի վրայ։ «Մենք չենք կրնար նաեւ անտարբեր ըլլալ իսլամական աշխարհին համար կարեւոր Երուսաղէմի խնդիրին գծով։ Հակառակ անոր, որ մեր երկիրը դէմքով կանգնած է դէպի Արեւմուտք, մենք երբեք կրնակ պիտի չդարձնենք Արեւելքին։ Թուրքերը եւ արաբները եղբայրներ են», յայտարարած էր Թուրքիոյ վարչապետը։
Իր կարգին, Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման յայտարարեց, թէ Էրտողան Իսրայէլի դէմ կատարած իր յայտարարութիւններով սկսած է նմանիլ Լիպիոյ եւ Վենեզուելլայի նախագահներուն: «Հարցը Թուրքիան չէ. հարցը Էրտողանն է», պնդեց Լիպըրման:
Անգարա, հակազդելով այս յայտարարութեան՝ պնդեց, թէ «Իսրայէլ թոյլատրելի սահմաններէն անցած է»։ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Պուրաք Էօզիւկերկին յայտարարեց, որ «Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրմանի՝ մեր վարչապետին հասցէին հնչեցուցած խօսքերը տգեղ եւ իրականութեան հետ որեւէ առնչութիւն չունեցող խօսքեր են։ Շատ մտահոգիչ է, որ նման արտայայտութիւններ կատարէ արտաքին գործոց փոխնախարարի պաշտօնը ստանձնած անձնաւորութիւնը»։ Էօզիւկերկի Իսրայէլի կոչ ուղղած է՝ «վերջ տալու անընդունելի մօտեցման եւ առաջնորդուիլ ողջախոհութեամբ»։
Վէճին Չորեքշաբթի օր իր ձայնը միացուցած է նաեւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն, որ յայտնեց, թէ Էրտողանի յայտարարութիւնները չեն նպաստեր երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու եւ շրջանին մէջ կայունութիւն հաստատելու փորձերուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.