ՎԱՀԱԳՆ ՏԱՏՐԵԱՆ
Ահա դարձեալ Ապրիլ 24 մը. դարձեալ սգահանդէսներ՝ ամէնուրեք. եւ, դարձեալ վշտի հոգեմաշ ալեկոծումներ: Բայց, պժգալի ի՜նչ հակասութիւն: Հոն են կրկին ոճրապարտ պետութեան ամբարտաւան դրօշակիրները, որոնք զօրաշարժի հեւքով կրկին կը փութան անգոսնել հայ ազգին սգաւոր յիշատակումի այս սրբանուէր օրը, նենգամիտ բողոքներով եւ սնամէջ ցոյցերով:
Եւ ահա նոյնպէս, յանցապարտ կառավարութիւն մը՝ հաւատարիմ պետական դաժան ուրացումի այս տխրահռչակ աւանդին, կը շարունակէ զօրավիգ կանգնիլ ասպատակային այս վայրագ դիմադարձութիւններուն:
Սակայն եւ այնպէս, 1915ի ազգայնակուլ ողջակիզումին ջլատիչ հարուածներէն տակաւ վիրաւոր եւ անկար, սգաւոր հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ թափ տալ իր՝ դարերու ընթացքին շաղախուած ամրակուռ տոկունութեան եւ առհաւական չարքաշութեան տենդին:
Կը վերականգնի ազգային խոյանքներու այն ամրոցը, որ այսքան երկար ժամանակ շարունակեց մնալ լոկ ցասումի եւ միանգամայն անեզր թախիծի լաստ մը միայն:
Արցախ աշխարհի նորագոյն հերոսապատումը մէկին կերպով յայտնաբերեց հայ ժողովուրդի քաջագործութեանց թաքուն ակունքը: Այդ ակունքին մէջ է որ կը գոյատեւէ հայ ազգին վերապրելու կարողականութիւնը, տենդը եւ աննկուն կամքը, եւ, որով այդ գոյատեւման երաշխիքը:
Ապրիլիեան սգահանդէսները այս իմաստով կը գլեն կ՛անցնին իրենց ողբի, սուգի, ընդվզումի եւ բողոքի տարրական շարժառիթները, որովհետեւ այդ սգահանդէսներուն մէջ խորհրդաւոր կերպով թաքնուած է ազգօրէն գոյատեւելու եւ զօրանալու աննկուն կամքի մը գերակայութիւնը:
Վահագն Տատրեան՝ պատմաբան, Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բազում ուսումնասիրութեանց ու գիրքերու հեղինակ է, Ցեղասպանութեան հարցը թրքական շրջանակներու մէջ արծարծելու գործին ռահվիրան ու մեծ երախտաւորը: Ան կը ղեկավարէ «Զօրեան» հիմնարկութեան ցեղասպանագիտական բաժինը: