ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Լրագրողներու հետ Ապրիլ 7ին կայացած հանդիպման մը ընթացքին ՀՀ փոխադրութեան եւ կապի նախարար Մանուկ Վարդանեան յայտնած է, թէ Հայաստանի մէջ բջիջային կապի բաժանորդներուն թիւը կը հասնի 3 միլիոնի։
Ըստ Մ. Վարդանեանի, հանրապետութեան մէջ կը շարունակուի հեռախօսակայաններու (ԱՀԿ) թուայնացման գործընթացը, իսկ կայուն կապի բաժանորդներուն թիւը հետզհետէ կ՛աճի: Նաեւ, 2008էն ի վեր 6 անգամով աւելցած է համացանց օգտագործողներուն թիւը, որ կը կազմէ 1.2 միլիոն:
Նախարարը նաեւ նշած է, որ հասարակութիւնը գոհ չէ համացանցի բարձր սակագինէն եւ կապի արագութեան մակարդակէն։ Ան շեշտած է հեռահաղորդակցութեան միջազգային միութեան (ՀՄՄ) հետ Հայաստանի համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ հայ մասնագէտներու վերապատրաստման կարեւորութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.