ԵՐԵՒԱՆ.- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յատուկ բանագնաց մը ուղարկած է Երեւան՝ նախագահ Սերժ Սարգսեանէն խնդրելու, որ իրեն հետ հանդիպում ունենայ Ուաշինկթըն այցելութեան ընթացքին: Ներկայ դրութեամբ, Ուաշինկթընի մէջ Սարգսեան-Էրտողան հանդիպում մը չէ նախատեսուած:
Էրտողանի յատուկ բանագնաց Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու, երէկ Երեւանի մէջ ընդունուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ:
Նախագահ Սարգսեանի մամլոյ գրասենեակը հաղորդած է, որ բանագնացը նախագահին փոխանցած է Թուրքիոյ վարչապետին գրաւոր, իսկ Թուրքիոյ նախագահին ու արտաքին գործոց նախարարին բանաւոր ուղերձները:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան բանագնացին յայտնած է, թէ Հայաստանը Թուրքիայէն կ՛ակնկալէ գործնական քայլեր, որոնք առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ կ՛երաշխաւորեն «վճռական տեղաշարժ»:
Բանագնաց Սինիրլիօղլուն, իր կարգին, Հայաստանի նախագահին փոխանցած է թրքական կողմի հաւաստիացումները՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման գործընթացին մէջ առաջընթաց ապահովելու պատրաստակամութեան վերաբերեալ:
Միւս կողմէ, Արտաքին գործոց նախարար Նալբանդեանը, Երեւան այցելած Ֆրանսամէտ երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Ապտու Տիուֆի հետ ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է, թէ Ուաշինկթընի մէջ Սարգսեան-Էրտողան հանդիպման ուղղութեամբ տակաւին պայմանաւորուածութիւն չկայ:
Նալբանդեան, նոյն օրը, Ազգային ժողովի բեմէն պատասխանելով Ժառանգութիւն կուսակցութեան անդամ Լարիսա Ալահվերտեանի հարցումին՝ յայտնած է, թէ «Թուրքական կողմը հաւաստիացրել է մեզ, որ ցանկանում են հայ-թուրքական գործընթացը շարունակութիւն ունենայ, եւ հայկական կողմը վերահաստատել է իր դիրքորոշումը, որոնք համահունչ են միջազգային հանրութեան ակնկալիքներին, որոնք սպասում են Թուրքիայից գործնական քայլեր»:
Նալբանդեան նշած է նաեւ, որ Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման հարցը լրիւ այլ հարթութեան վրայ է, եւ ինչպէս նախորդ օր յայտարարծ էր՝ «Հիմնախնդրի գլխաւոր հարցը Ղարաբաղի ժողովրդի ինքնորոշման հարցն է»: