ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ԵՐԵՒԱՆ, «Էյ.Փի.», «Արմէնփրէս».- Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղար Ռապըրթ Կիպզ ներկայացուց Ապրիլ 12-13ին, Ուաշինկթընի մէջ կայանալիք հիւլէական ապահովութեան միջազգային վեհաժողովի օրակարգն ու նախատեսուող հանդիպումները։ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հիւրընկալած վեհաժողովին ներկայ պիտի գտնուին 47 երկիրներու, ինչպէս նաեւ երեք միջազգային կառոյցներու՝ ՄԱԿի, Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան եւ Եւրոպական Միութեան, ներկայացուցիչները։
Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղարին համաձայն, ժողովի ծիրին մէջ, ի շարս այլ հանդիպումներու, պիտի կայանայ նաեւ նախագահներ Պարաք Օպամայի եւ Սերժ Սարգսեանի հանդիպումը։ Իսկ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի մասնակցութեամբ եռակողմ հանդիպում մը չի նախատեսուիր։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ տարբեր երկիրներու առաջնորդներուն հետ երկկողմանի հանդիպումներու քննարկման նիւթը՝ Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղարը ըսած է, որ որոշ հանդիպումներ նուիրուած պիտի ըլլան հիւլէական զէնքի տարածումը զսպելու, սակայն պիտի քննուին նաեւ այլ նիւթեր։ «Օրինակ՝ Հայաստանի պարագային, նախագահները պիտի զրուցեն հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին», յայտնած է Կիպզ։
Միւս կողմէ, այս նիւթին մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան յայտարարեց. «Այո՛, կը հաստատեմ, որ Ուաշինկթընի մէջ նախագահ Սարգսեան պիտի հանդիպի Օպամային հետ, իսկ Էրտողանի հետ հանդիպման համաձայնութիւն չկայ։ Հայաստան կը գտնուի Էրտողանի առաջին բանագնացը՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը, որ պէտք է հանդիպի իմ եւ նախագահին հետ»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.