ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քալիֆորնիոյ դեմոկրատ քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆ եւ Ճիմ Քոսթա խստօրէն դատապարտած են Թուրքիա գտնուող հայաստանցի հայերը արտաքսելու Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի տխրահռչակ յայտարարութիւնը, որուն մէջ Էրտողան իր սպառնալիքը նաեւ կապած էր Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւերուն:

Շիֆ կը յայտնէ, թէ Էրտողան, իր այս սպառնալիքով, անգամ մը եւս հաստատած է, թէ պատրաստ է հայերը օգտագործելու իբրեւ «մարդկային վահան»՝ յաջողութեամբ պսակելու համար Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու իր երկարամեայ պայքարը: Ան կ՛աւելցնէ, թէ Էրտողան իր այդ ազդարարութեամբ կը փորձէր հակադարձել Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ իր հեղինակած թիւ 252 բանաձեւին վաւերացման:
«Հարիւր հազարաւոր հայեր անապատին մէջէն դէպի իրենց մահը առաջնորդած տեղահանութիւններէն 95 տարի ետք եկող Թուրքիոյ այս սպառնալիքը վերապրողներու եւ անոնց ընտանիքներուն նկատմամբ, անխղճութեան նոր չափանիշ մը կը հաստատէ», կ՛աւելցնէ Քոսթա, որ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին ազդեցիկ անդամներէն մէկը կը հանդիսանայ:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան ողջունած է նշեալ քոնկրեսականներուն այս դիպուկ դատապարտումը: