Ս. Յարութեան տօնին առիթով, Կիրակի, Ապրիլ 4ին, Արեւմտեան թեմի եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Ս. պատարագ, յիշատակելու համար Աստուածորդւոյն աշխարհ առաքելութեան թագադրումը՝ մահուան վրայ անոր յաղթանակը։

Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Ս. պատարագ մատուցանեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եւ հաւատացեալներուն ուղղեց Զատկուան իր պատգամը՝ վեր առնելով Ս. Յարութեան տօնին բազմախորհուրդ իմաստը։ Ան յիշեց, որ Աստուած Իր Միածինը աշխարհ ղրկած էր իբրեւ արտայայտութիւն մարդուն հանդէպ իր անսահման սիրոյն, եւ որ Քրիստոս զոհուեցաւ՝ փրկելու համար մարդկութիւնը ու հաւատացեալին շնորհելու խաղաղութիւն եւ յաղթանակ։