ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանին մէջ դեմոկրատ մեծամասնութեան ղեկավար Չարլզ Քալտերոն խորհրդարանին ներկայացուցած է թիւ 148 բանաձեւը, որուն վաւերացման պարագային, Մոնթեպելլոյէն անցնող թիւ 60 ազատուղիին վրայ յատուկ ցուցատախտակներ պիտի տեղադրուին՝ նշելով, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան Մոնթեպելլոյի յուշարձանը այցելելու համար ո՞ր թաղէն պէտք է դուրս գալ:
Յիշեցնելով, որ իր հայրը եղած է Մոնթեպելլոյի մէջ 1965ին հաստատուած Ցեղասպանութեան յուշարձանի ծրագիրը իրականացնողներէն մէկը՝ Մոնթեպելլոյի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Մուրատ Մինասեան կը յայտնէ, թէ շատ ողջունելի է Չարլզ Քալտերոնի այս քայլը:

Բանաձեւին մէջ տրուած է Հայկական Ցեղասպանութեան ամփոփ պատմականը եւ կը շեշտուի, թէ «Պիքնել» զբօսայգիին մէջ գտնուող յուշարձանը, «մարդկութեան դէմ ոճիրներու ճանաչման փարոս մըն է»: Չարլզ Քալտերոն նաեւ կը յայտնէ, թէ ցուցատախտակներ պիտի դրուին ազատուղիին արեւմտեան եւ արեւելեան կողմերը, իսկ անոնց ծախսերը նահանգի գանձարաններէն պիտի չելլեն: