Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Չորեքշաբթի, Մարտ 31ի կէսօրին ընդունեց այցելութիւնը Լոս Անճելըսի Ժամանակակից արուեստի թանգարանի (Museum of Contemporary Arts, MOCA) ներկայացուցիչներուն՝ գլխաւոր վարիչ Փօլ Շիմելի եւ բարգաւաճման տնօրէն Ճենիֆըր Արսենոյի, որոնք առաջնորդարան եկած էին ներկայացնելու բազմատաղանդ հայազգի արուեստագէտ Արշիլ Կորքիի (Ոստանիկ Ադոյեան, 1902-1948) գործերու ցուցահանդէսին ծրագիրը։ Հանդիպման ներկայ եղաւ Հրայր Կարպուշեան, որ անդամ է թանգարանին պատասխանատուներուն հետ գործակցող խմբակին։
Ցուցահանդէսին բացումը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 6ին ու պիտի տեւէ մինչեւ Սեպտեմբեր 20։ Հիւրերը բացատրեցին, թէ այս ցուցահանդէսը կ՛իրականացնեն Ֆիլատելֆիոյ արուեստից եւ Լոնտոնի «Թէյթ» թանգարաններուն հետ գործակցաբար։ Ցուցադրութեան պիտի դրուին Կորքիէն շուրջ 200 արուեստի գործ՝ գեղանկարներ, քանդակ, տպածոյ եւ թուղթի վրայ աշխատանքներ։
Ուշագրաւ է, որ Կորքիի գործերուն ցուցադրութիւնը կը զուգադիպի Ցեղասպանութեան 95րդ տարեդարձին։ Ծանօթ է, որ Կորքի Ցեղասպանութենէն վերապրած է ու անցեալ դարու 20ական տարիներուն գաղթած է Միացեալ Նահանգներ. անոր ստեղծագործական կեանքը կ՛երկարի մօտաւորապէս 30 տարիներու վրայ։ Ցուցահանդէսը պիտի մէկտեղէ անոր կեանքին ու արուեստին պատմութիւնը մարմնաւորող գործեր։
Թանգարանին ներկայացուցիչները յայտնեցին, թէ կազմուած է Արշիլ Կորքիի բարեկամներ անունով խմբակցութիւն մը, բաղկացած՝ հայ թէ ամերիկացի արուեստասէրներէ, որոնք աշխատանք կը տանին ցուցահանդէսին մասին տեղեկատուական աշխատանք ծաւալելու հայկական եւ ամերիկեան շրջանակներու մէջ, տրուած ըլլալով, որ Կորքի կը հանդիսանայ ամերիկեան գեղանկարչութեան տիտաններէն, որ իր կնիքը դրած է 20րդ դարու առաջին կիսու նկարչական արուեստին ու հոլովոյթին վրայ, իսկ գործերուն մէջ կ՛արտացոլան իր ապրած ողբերգական կացութիւնները, ի շարս որոնց՝ Ցեղասպանութեան պատանիի աչքերով ականատես ըլլալու հանգամանքը։ Անոնք խնդրեցին առաջնորդէն, որ առաջնորդարանը մասնակից ըլլայ ցուցահանդէսին մասին տեղեկութեանց տարածման՝ հայ համայնքի զաւակներուն մօտ, քաջալեր հանդիսանալով, որ մեր ժողուվրդը այցելէ թանգարանը եւ հաղորդակից դառնայ մեծ արուեստագէտի հոգեկան աշխարհին ու ժառանգութեան։
Առաջնորդը ողջունեց այս ցուցահանդէսի նախաձեռնութիւնը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց ընդառաջելու հիւր պատասխանատուներուն փափաքին։ Ան այս առիթով նաեւ յուշանուէրներ յանձնեց թանգարանի պատասխանատուներուն։
Թանգարանը կը գտնուի Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը եւ անոր հասցէն է՝ 250 South Grand Ave., Los Angeles, CA 90012:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.