
Աւագ Երեքշաբթին յիշատակումի օրն է Տասը կոյսերու առակին։ Այս առիթով, թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցան օրուան խորհուրդը վեր առնող արարողութիւններ։ Արեւմտեան թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ արարողութեան ու այս առիթով հակիրճ կերպով պատմեց օրուան առակը, իր հայրական թելադրութիւնները կատարեց ու իր հոգեւոր մտածումները ներկայ ժողովուրդին հրամցուց։ Ան բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ապրիլ այս Մեծ Պահոց եւ Աւագ Շաբթուան ընթացքին, ապրիլ քրիստոնէավայել կեանք մը եւ միշտ պատրաստ ըլլալ Քրիստոսի գալստեան: