ՈՒԵՍԹՈՒՈՒՏ.- UCLA-ի մէջ գործող Հայ կրթական հիմնադրամի Արդի հայոց պատմութեան ամպիոնը կազմակերպած է ոգեկոչման շարք մը ձառնակներ՝ օժանդակութեամբ համալսարանին «Սուրէն եւ Վերքին Փափազեան» հիմնադրամին, Մերձաւոր Արեւելքի ուսմանց կեդրոնին եւ Եւրոպական ու եւրասիական ուսմանց կեդրոնին:
Երեքշաբթի, Ապրիլ 13ին, կ.ե. ժամը 2ին, համալսարանի պատմութեան բաժանմունքին գիտաժողովի սրահին մէջ (6275 Bunche Hal) տեղի պիտի ունենայ դանիացի արխիւային պատմագէտ Մաթիս Պյոռնլունտի դասախօսութիւնը, որ նուիրուած է Ցեղասպանութեան ընթացքին (1914-1916) Իզմիրի իրադարձութեանց:
Հինգշաբթի, Ապրիլ 15ին, նոյն սրահին մէջ, կ.ե. ժամը 2ին, Համաշխարհային Բ. պատերազմի տարիներուն Թուրքիոյ իշխող Երիտասարդ Թուրքեր կուսակցութեան կողմէ հայկական կալուածներու բռնագրաւման մասին դասախօսութիւն մը պիտի ներկայացնէ Տապլինի համալսարանէն Իւղուր Ումիթ Ունկէօր:
Նաեւ, ինչպէս արդէն հաղորդած ենք, Կիրակի, Ապրիլ 18ին, կ.ե. ժամը 3էն 6, Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայկական Ցեղասպանութան 95րդ տարելիցին նուիրուած գիտաժողով մը, որուն ընթացքին ելոյթներ պիտի ունենան UCLA-ի Արդի հայոց պատմութեան ամպիոնի վարիչ, փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը, Հայկական Ցեղասպանութեան դանիացի մասնագէտ Մաթիս Պյոռնլունտը, հրէական ուսմանց մասնագէտ Ուոլֆ Կրունըրը եւ Բրիտանիոյ Ողջակիզման եւ ցեղասպանութեան կեդրոնի աշխատակից Իւղուր Ումիթ Ունկէօրը:
Մուտքը ազատ է: Գրադարանին հասցէն է՝ 222 East Harvard St, Glendale, CA 91205: Այս վերջին ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել
hovannis@history.ucla.edu կամ EGrigorian@ci.glendale.ca.us հասցէներուն: