ՊԸՐՊԵՆՔ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արհեստավարժներու ցանցը կազմակերպած է աշխատանիստ մը՝ նուիրուած ընտրապայքարի արշաւներու փորձառութեանց: Աշխատանիստը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, Ապրիլ 7ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, «Ուուտպըրի» համալսարանին «Հենսըլ» սրահին մէջ:
Ձեռնարկին կազմակերպման իրենց օժանդակութիւնը կը բերեն Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ համալսարանի Հայ ուսանողական միութիւնը:
Քաղաքական ընտրապայքարներու իրենց մասնակցութեան մասին ելոյթներ պիտի ունենան Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի անձնակազմի պետի տեղակալ Արին Իպրանոսեան, «Առ. Միտիա» հիմնարկի խորհրդատուներէն Ռոստոմ Սարգիսեան եւ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Էլըն Ասատրեան: Զրոյցը պիտի համադրէ Այգ Տիքիճեան: Համալսարանին հասցէն է՝ 7500 Glenoaks Boulevard, Burbank, CA 91504:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.