ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի վերջին հարցազրոյցը՝ «Տէր Շպիկել» գերմանական թերթին հետ, մեզ լաւատեսութիւն կը ներշնչէ, թէ՝ ան ամբողջովին չ՛անտեսեր մամուլով հրապարակուած խորհուրդներն ու վերլուծումները՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու ընթացքին ու Թուրքիոյ հետապնդած նպատակներուն մասին:
Անգարայի համար «կարեւորը որոշումները ձգձգելն է, որպէսզի երբ այլ պետութիւններու…» (մնացեալը տեսէք կողքի սիւնակի լրատուութեամբ):
Անցեալ տարուան Ապրիլ 22էն ի վեր, երբ հրապարակուեցաւ տխրահռչակ հայ-թրքական «ճանապարհային քարտէս»ը, դաշնակցական խօսնակները Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռք, մամուլով եւ նախագահին հետ ունեցած դէմ յանդիման հանդիպումներուն ընթացքին մատնանշած էին թրքական կառավարութեան նենգ նպատակը՝ թէ՛ այդ քարտէսին եւ թէ յետագայ Արձանագրութիւններու հրապարակումով. այդ նպատակն է՝ խանգարել, որպէսզի «այլ պետութիւնների խորհրդարանները կամ կառավարութիւնները» չընդունին «Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւեր»: Նախագահը թրքական այս մարտավարութիւնը «անընդունելի» կը նկատէ:
Կ՛ողջունենք նախագահին այս կեցուածքը: Այս հանգրուանին նախագահին կատարած՝ սոյն եւ Ղարաբաղի հարցով թրքական մարտավարութեան բացայայտ մերկացումը, թէեւ ուշացած, սակայն յոյս կը ներշնչէ, որ ան Ուաշինկթըն կատարելիք իր յառաջիկայ այցելութեան ընթացքին պիտի կարենայ սրբագրել անցեալ տարուան իր սխալը, ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման պիտի զրկէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու խոստումը դրժելու որեւէ արդարացումէ:
Աւելին, նախագահին խօսքերը յոյս կը ներշնչեն, որ ան նախագահ Օպամային կրնայ յուշել մէկ այլ լուծում, թէ՝ Թուրքիոյ կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման սատարելով՝ նախագահ Օպամա կրնայ նպաստել Կովկասի մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու աւելի հիմնական լուծումի մը: