ՍԱՆ ՓԱՈՒԼՕ.- Ապրիլ 22էն 24ի միջեւ, Սան Փաուլոյի համալսարանին մէջ պիտի կայանայ Հայոց Ցեղասպանութեան 95ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողով մը, որուն կազմակերպիչն է նոյն համալսարանի պատմութեան բաժանմունքը եւ Հայաստանի հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութիւնը:
Գիտաժողովին պիտի մասնակցին ցեղասպանութեան եւ մարդու իրաւունքներու բնագաւառէն օտար գիտնականներ՝ Պրազիլէն, ԱՄՆէն, Գանատայէն, Ֆրանսայէն, Թուրքիայէն եւ այլ երկիրներէ:
Ըստ Սան Փաուլոյի համալսարանի Հայագիտութեան ամպիոնի վարիչ Լուսինէ Եղիազարեանի, սոյն ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի հանրապետութեան եւ Սան Փաուլոյի նահանգային կառավարութեան հովանիին տակ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.