ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Բառերն ու գաղափարներն ալ հատու զէնք են. երբեմն կրնան աւելի ազդու ըլլալ եւ խորագոյն հարուած հասցնել, քան ամէնէն մահացու նկատուած նիւթեղէն զէնքերը իրենք։
Այդ պատճառով ալ կ՛արժէ առաւելագոյն ուշադրութեամբ, բծախնդրութեամբ ու զգուշաւորութեամբ վարուիլ բառերու եւ գաղափարներու զէնքին հետ՝ հաւասարապէս թէ՛ ընկալողի, թէ՛ գործածողի դիրքերուն վրայ գտնուելու պարագային։
Մանաւանդ որ յար ու նման նիւթեղէն զէնքերուն, անգամ մը որ արձակուին եւ ի գործ դրուին, բառերն ու գաղափարները եւս կարելի չէ չեղեալ համարել կամ ետ պատեանի մէջ դնել…
Ինչպէս պատեանէն հանուած սուրը, արձակուած փամփուշտը կամ պայթած ռումբը այլեւս կատարուած իրողութիւն կը դառնան, այնպէս ալ բառերն ու գաղափարները դուրս կու գան օգտագործողին հակակշռէն եւ նախատեսած ներգործութեան հունէն ու իրենց ուրոյն խաղականոններով կեանքը կ՛ապրին։
Բառերու եւ գաղափարներու զէնքին անզգոյշ օգտագործման զոհ դարձած է, փաստօրէն, հայ ազգային–քաղաքական իրականութիւնը այսօր։
Խօսքը կը վերաբերի, հասկնալիօրէն, այսպէս կոչուած «Հայեւթուրք Արձանագրութեանց» եւ այդ առիթով հայ քաղաքական մտքի պարզած ներքին բեւեռացումին ու ցաւատանջ գալարումներուն։
Այն օրէն, որ Հայաստանի այժմու նախագահը պատեանէն հանեց առանց նախապայմաններու հայեւթուրք երկխօսութիւն իրականացնելու իր քաղաքականութեան «սուր»ը, հայ քաղաքական միտքը ներհակ եւ իրարու հակադիր, այլեւ զիրար հասկնալու դժուարութիւն ունեցող թեւերու բաժնուեցաւ։ Աւելի՛ն. նոյնինքն Հայաստանի նախագահը մատնուեցաւ պատեանէն հանուած սուրը իր ուզած ձեւով գործածելու եւ հակակշռելու դժուարութեան։
Պատճառը անզգոյշ ընտրութիւնն էր… զէնքին։
Պատճառը հայեւթուրք յարաբերութիւններու արիւնալի կնճիռին հետ գորդեան հանգոյցի պէս վարուելու եւ Մեծն Աղեքսանդրի ոճով հանգոյցը կտրելով քակելու յաւակնութիւնն էր Հայաստանի նախագահին։
Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական երկխօսութեան ձեռնարկելու, Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի շրջափակման վերջ տալու եւ հարեւան երկու երկիրներու պետութեանց միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու համար, Հայաստանի նախագահը որոշեց գործածել ծայր աստիճան զգայուն եւ, իբրեւ այդպիսին, վտանգաւոր զէնք մը։ Միակողմանիօրէն առանց նախապայմանի երկխօսութեան նստելու իր պատրաստակամութեան մասին յայտարարելով, պր. Սերժ Սարգսեան առաջին իսկ օրէն ուզեց Թուրքիոյ վարիչներուն ներշնչել այն վստահութիւնը, որ իր իշխանութեան օրով Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման նախապայման չդնելու թրքական իշխանութեանց առջեւ…
Բառերու եւ գաղափարներու ճիշդ այդ անզգոյշ գործածութեամբ ճամբայ հանուեցաւ նախագահ Սարգսեանի «ֆութպոլային դիւանագիտութիւն»ը ու հայեւթուրք յարաբերութիւնները մտան իրենց նորօրեայ դժուարութեան փուլը։ Տագնապի փուլ մը, որ եկաւ ոչ միայն անցեալի անելին վրայ բարդելու դիւանագիտական լարուածութեան նոր հանգոյցներ, այլեւ՝ աւելի ծանրակշիռը, մեր ժողովուրդի աչքին հարցականի տակ դնելու ազգային–քաղաքական յանձնառութիւնը սեփական նախագահին։
Անշուշտ թրքական կողմի կամակորութեան եւ սեփական անցեալին հետ առերեսումէն ամէն գնով խուսափելու յանցանքի բարդոյթին հետեւանքով՝ «Հայեւթուրք Արձանագրութեանց» խորհրդարանական վաւերացումը ձգձգուեցաւ եւ օգնեց, որպէսզի Հայաստանի նախագահը կարենայ մասամբ վնասազերծել իր «Ֆութպոլային դիւանագիտութեան» պումերանկի անդրադարձը։ Բայց միայն մասամբ եղաւ – եւ կրնար ըլլալ – վնասազերծումը, որովհետեւ իրապէս պումերանկի ներգործութիւն ունի առանց նախապայմանի Թուրքիոյ հետ երկխօսութիւն սկսելու Հայաստանի նախագահին քաղաքականութիւնը։
Այդ պատճառով ալ անտեղի չէ զգուշաւորութիւնը բոլոր անոնց, որոնք թանը փչելով խմելու զուսպ խանդավառութեամբ այս օրերուն ողջունեցին Հայաստանի նախագահին տէրզօրեան ելոյթը, Մարտ 24ին, Սուրիոյ տրուած պր. Սարգսեանի պաշտօնական այցելութեան ընթացքին։
Այլապէս միայն հպարտութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ պիտի լեցուէր ամէն հայ՝ ի տես եւ ի լուր հայոց պետականութեան բարձրագոյն դիրքէն արտասանուած Սերժ Սարգսեանի իրաւատիրական ելոյթին։ Տէր Զօրի մէջ մեր նահատակներու յիշատակին տրուած յարգանքի պաշտօնական տուրքէ մը շատ աւելին եղաւ Հայաստանի նախագահին արտասանած ոգեշունչ ճառը։ Հայ Դատի պահանջատիրութեան վրայ պետական կնիք դնող ելոյթ էր, ըստ ամենայնի, նախագահ Սարգսեանի դիրքորոշումը։ Բայց մինչեւ անգամ այս աստիճան ազգային–քաղաքական յանձնառութեամբ բաբախուն իր ելոյթին մէջ, Հայաստանի նախագահը կրկին վերահաստատեց «Հայեւթուրք Արձանագրութիւններ»ու վաւերացումը յառաջ մղելու իր պատրաստակամութիւնը՝ համապատասխան յորդոր ուղղելով Անգարայի վարիչներուն։
Եւ ոչ միայն այդ։
Հայաստանի նախագահը չվարանեցաւ, նոյնիսկ Տէր Զօրի մէջ, վերստին շեշտելու, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ժողովուրդները պէտք է մերձենան եւ «ցրեն» տասնամեակներու ընթացքին «երկու հասարակութիւնների» մօտ կազմուած «կարծրատիպերն» ու «միֆ»երը…
Այսինքն՝ ի՞նչ։
Պր. Սարգսեանի հայ ունկնդիրները դժուարութիւն ունին հասկնալու, թէ իրենց նախագահը հայ հասարակութեան մէջ տիրող ո՞ր կեցուածքներուն կ՛ակնարկէ իբրեւ «կարծրատիպ» ու «միֆ»՝ Թուրքիոյ եւ թուրք ժողովուրդին նկատմամբ։ ՀՀ նախագահի Տէր Զօրի ելոյթին այնքա՜ն յուզումով հետեւած հայ մարդը բնականաբար չի կրնար հասկնալ, ո՜ւր մնաց ընդունիլ, որ Թուրքիայէն ու թուրք ժողովուրդէն Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող հայկական մօտեցումները կրնան այդպէս՝ իբրեւ «կարծրատիպ» եւ «իրականութեան հետ կապ չունեցող միֆեր» հռչակուիլ Հայաստանի նախագահին կողմէ։
Իսկ եթէ նախագահ Սարգսեան ի մտի ունի Հայ Դատի քաղաքական հատուցման պահանջները իբրեւ «կարծրատիպ» եւ «միֆ», այդ պարագային քաջութիւնը պէտք է ունենայ առնուազն Տէր Զօրի մէջ յստակացնելու իր քաղաքականութեան իսկութիւնը, որպէսզի նախ ինք եւ ապա Հայաստանն ու հայութիւնը դարձեալ չիյնան բառերու եւ գաղափարներու զէնքին հետ անզգոյշ վարուելու եւ պումերանկի զոհ երթալու վտանգին տակ։
Փաստօրէն Տէր Զօրի նշանակութեամբ սրբավայրին մէջ, Հայաստանի նախագահը պարտաւորութիւնը զգաց չքմեղանքով նշելու, որ Հայեւթուրք Արձանագրութիւնները չեն ենթադրեր, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է հրաժարին Հայասպանութեան ճանաչումի հետապնդումէն։ Նոյնպէս ստիպուեցաւ չքմեղանքով պատասխանելու իր թուրք խօսակիցներուն, թէ Արձանագրութեանց նախատեսած պատմական հարթութեան միջ–պետական պատմաբաններու ենթայանձնաժողովը հարցականի տակ պիտի չառնէ Հայասպանութեան փաստը։
Կ՛ուզենք հաւատալ, որ Հայաստանի նախագահը պարզապէս իր թուրք ու մեծապետական խօսակիցներուն դիւանագիտական «շրթունքի տուրք» տուաւ Տէր Զօրի իր ելոյթին չքմեղանքի այդ մասով եւ ոչ թէ հակառակը։
Ամէն պարագայի, Տէր Զօրի մէջ, Մարտ 24ին, հայ ժողովուրդը տեսաւ իր արեան կանչին ունկնդիր Հայաստանի նախագահ մը, նոյնիսկ եթէ պետական թէ քաղաքական պատճառներով ան դեռ ի վիճակի չէ ամբողջապէս սրբագրելու «Հայեւթուրք Արձանագրութեանց»… մոլորանքը։
Եւ որքան հաստատակամութիւն դրսեւորէ մեր ժողովուրդը Հայ Դատի պահանջատիրութեան ճակատին վրայ՝ միասնական շարժումի եւ հաւաքական ուժի իր կռուանները շարունակ ամրապնդելով, այնքան Հայաստանի նախագահը դէմ յանդիման կը կանգնի համայն հայութեան իրաւունքի եւ արդարութեան դատին արժանաւորապէս տէր կանգնելու իր կոչումին։
Որպէսզի Հայաստանի ոչ մէկ նախագահ իր ժողովուրդին մէջ «կարծրատիպեր» եւ «միֆեր» փնտռելու զառիթափին չյայտնուի։