ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. եկեղեցւոյ Ալֆրետ եւ Մարկրիթ Յովսէփեան վարժարանի 26րդ տարեկան ճաշկերոյթ-պարահանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Մարտ 13ի երեկոյեան, եկեղեցւոյ վերանորոգուած սրահին մէջ:
Տարեկան այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր վարժարանի Ծնողա-ուսուցչական մարմինին կողմէ: Վարժարանի տնօրէն Շահէ Մանկրեան իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն եւ շեշտեց նոր գրադարան մը ունենալու անհրաժեշտութիւնը:
Վարժարանի Խնամակալ մարմինի ատենապետ Յարութիւն Հիլալեան 5000 տոլար նուիրեց այս նպատակի իրագործման համար եւ քաջալերեց, որ ծնողները իրենց սրտաբուխ նուէրներով մասնակցին՝ արդիականացնելու համար վարժարանին գրադարանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.