
ՄԵՐ ԽՕՍՔԸ
ՀՅԴ Պատանեկան Տարեկան Ճամբար-Խորհրդաժողով
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Ընդհանուր վարիչ մարմնի կողմէ կազմակերպուած Ձմեռային Պատանեկան ճամբարը այս տարի սկսաւ Ուրբաթ, Փետրուար 26ի երեկոյեան: Ճամբարին տարբեր շրջաններէ մասնակցող պատանիները հաւաքուեցան Նորթ Հոլիվուտի եկեղեցւոյ շրջափակը, ուր իրենց պատասխանատու ընկերներուն հետ միասին հանրակառքերով մեկնեցան դէպի ՀԵԴ ճամբար:
Ճամբար հասնելէ ետք պատանիները տարիքի դասաւորումով բաժնուեցան իրենց տնակներուն մէջ: Միասնաբար սրահին մէջ ընթրելէ ետք, պատանիները վերադարձան իրենց տնակները՝ պատրաստուելու յաջորդ օրուան բեղուն ծրագիրին:
Յաջորդ առաւօտեան 7էն սկսեալ, ձիւնապատ ճամբարէն ներս, 150 պատանիներ արդէն պատրաստ էին սկսելու իրենց աշխատանքները: Սակայն ձիւնի պատճառով բացօթեայ դրօշակի արարողութեան փոխարէն, անոնք իրենց աշխատանքային օրը բացին զայն ճամբարին սրահին մէջ կատարելով, որմէ անմիջապէս յետոյ ունեցան իրենց նախաճաշը:
Պատանիները տարիքի դասաւորումով բաժնուեցան երկու կրտսեր եւ երէց խումբերու, տարբեր դաստիարակչական դասընթացքներ եւ ընկերային աշխատանքներ ունենալու համար: Դաստիարակչական դասընթացքներու նիւթերն էին ա) Սումգայիթի ջարդերը, բ) ՀՅԴ պատմութիւն եւ ծրագիր՝ ՀՅԴ 120ամեայ հիմնադրութեան մասին:
Դասընթացքներէն ետք, կէսօրուայ ժամերուն, խումբերը ունեցան ազատ ժամ ձիւնագնդակ խաղալու, որուն յաջորդեց ճաշը: Ամբողջ շաբաթ օրը, ճամբարի դաշտավայրին մէջ բացառիկ ձիւնի պատճառով, պատանիները ստիպուած եղան իրենց աշխատանքները ճամբարին երկու տարբեր սրահներուն մէջ կատարելու:
Ճաշէն ետք բոլորը իրենց տնակները մեկնեցան, ընկերային ժամ ունենալու եւ պատրաստուելու իրենց երեկոյեան տեղի ունենալիք տաղանդի ցուցադրման ծրագիրին համար:
Կէսօրուայ դադարին յաջորդեց աշխատանքային պահը (workshop), որուն մէջ պատանիները իրենց ներդրումը ունեցան իրենց գիտելիքներով:
Դրօշակի արարողութեամբ աշխատանքային օրը փակուեցաւ, որմէ ետք պատանիները ընթրեցին:
Աշխատանքային օրը արդէն իր աւարտին հասած ըլլալով, պատանիները սկսան պատրաստուիլ իրենց երեկոյեան հաճելի ժամանցին, որու ընթացքին տեղի պիտի ունենար տաղանդի ցուցադրում-խրախճանք, բաժին մը, որ պիտի ստեղծէր օրուան ամենահաճելի, խանդավառ ու յիշատակելի պահերը:
Խրախճանքին ներկայ էր նաեւ յատուկ հրաուիրուած «Հայ Վայպզ» խումբը, որ ուղղակի գործիքաւորումներով սփռեց պատանիներու տաղանդի ցուցադրման ծրագիրն ու հայկական գեղեցիկ տոհմիկ շուրջպարերով խանդավառեց երեկոն:
Երեկոն լրիւ պիտի չըլլար առանց յեղափոխական երգերու երգեցողութեան: Պատանիները Դաշնակցականի վայել խանդավառութեամբ եւ ոգեւորուածութեամբ երգեցին յեղափոխական երգեր՝ ընկերակցութեամբ երգիչ Աւօ Աշճեանի:
Յաջորդ առաւօտեան, բարեբախտաբար, ձիւն չտեղալու պատճառով կարելի եղաւ դաշտին մէջ բացօթեայ դրօշակի արարողութիւն եւ ընկերային խաղեր կատարել:
Օրը շարունակուեցաւ նախաճաշով, ազատ ժամով, ճամբարի մասին կարծիքներու քննարկումով եւ հաւաքական նկարներ նկարուելով:
Տարբեր շրջաններէ ժամանած պատանիները ճամբարին եւ իրարու հրաժեշտ տուին, իրենց հետ տանելով երկու օրուայ ընկերային մթնոլորտին յուշերը եւ նորաստեղծ ընկերութիւնները խոստանալով գալ տարի նորէն, նո՛յն տեղը, նո՛յն առիթով իրար հանդիպելու:
Պատանեկան Ընդհանուր Վարիչ Մարմին
———————————————————————————————————————
Պատանիները Կը Գրեն 2010ի Պատանեկան Ճամբար-խորհրդաժողովի Մասին
ԼՈՒՍԻ ՏԻՇՈՅԵԱՆ
Օրէնջ Քաունթիի «Սերոբ Աղբիւր» մասնաճիւղ
2010ի Պատանեկան Ճամբար-խորհրդաժողովը իմ 7րդ եւ այս խորհրդաժողովներուն, որպէս պատանի՝ վերջին մասնակցութիւնն էր: Սակայն այդ բոլորէն աւելի ամենահաճելի շաբաթավերջ մըն էր, որ ես ապրեցայ: Մինչեւ ոսկորները հասնող քամի կար եւ չափէն աւելի ձիւն: Այս տարի մեծ ու փոքր պատանիները միասին մասնկացած էին ճամբարին: Առաջին անգամն էր, որ ես այսպիսի ճամբարի մը կը մասնակցէի, սակայն զարմանալիօրէն ան շատ հաճելի անցաւ: Երիտասարդական ճամբար երթալը կը նմանի ընտանեկան հաւաքի: Բոլորը իրենց տան պէս հարազատ կը զգան: Մեր պատասխանատուները՝ ընկ. Միքօն ու ընկ. Սերուժը շատ հարազատ էին եւ մեր դէմքերուն վրայ ժպիտ կը բերէին: Անոնք, երկուքն ալ մեզ շատ լաւ դաստիարակութիւններ տուին, Սումգայթի ջարդերու եւ ինչ ըսել է դաշնակցական պատանի ըլլալու մասին: Տաղանդի ցուցադրման ծրագիրին մասնակցիլն ու դիտելն ալ շատ հաճելի էր: Տաղանդի ցուցադրման ծրագիրէն առաջ 8 խումբեր ներկայացուցին իրենց «նոր երկիրը»: Խումբերը բաղկացած էին տարբեր տարիքի պատանիներէ եւ խումբերէ: Մենք առիթը ունեցանք շփուելու եւ գաղափարներ փոխանակելու նոր մարդոց հետ: Շատ բախտաւոր էինք «Հայ Վայպզ» խումբը մեզ հետ ճամբարին մէջ ունենալու: Անոնք մեզ հոյակապ երաժշտութիւն հրամցուցին, որուն համար շատ շնորհակալ ենք: Վերջին օրը շատ տխուր էր, քանի որ մենք պիտի բաժնուէինք: Շնորհակալ ենք այն ընկերներուն եւ խորհրդատուներուն, որոնք մեզ համար քոյրերու եւ եղբայրներու դեր խաղցան, ինչպէս նաեւ ճամբարին՝ այսպիսի առիթ մը մեզ համար ստեղծելուն:
Մեծ բախտաւորութիւն մըն է կազմակերպութեան մը մասն ըլլալ, որն այսպիսի դաստիարակչական միջոցառումներ կը կազմակերպէ եւ հայ երիտասարդները քով քովի կը բերէ:
Մենք բոլորս անհամբեր 2011 թուի ճամբարին կը սպասենք:
———————————————————————————————————————–
ՀԱՅԿ ՄԻՆԱՍԵԱՆ- Օրէնջ Քաունթիի «Սերոբ Աղբիւր» մասնաճիւղ
ՀՅԴ Երիտասարդաց 2010 թուականի Պատանեկան խորհրդաժողովը իմ ամէնէն շատ սիրած խորհրդաժողովն էր: Ամէն բան հոյակապ էր: Գեղեցիկ, ձիւնոտ օդէն սկսեալ մինչեւ դաստիարակչական դասընթացքները, իմ տնակը, հոյակապ խորհրդատուները եւ պաշտօնեաները:
Առաջին անգամն էր, որ ես Քալիֆորնիային մէջ ձիւնի իջնելուն վկայ կըլլայի: Խելքս թռցուցի երբ արթնցայ եւ տեսայ որ ամբողջ ճամբարը ձիւնով եւ սառոյցով պատուած էր: Միւս կողմէն այդ ցուրտ օդը պատճառ դարձաւ, որ Հարաւային Քալիֆորնիոյ արեւոտ օդը աւելի գնահատեմ:
Շաբաթավերջին դաստարակչական դասընթացքները իմ ամենանախասիրածներն էին: Առաջին դաստիարակչականը «Սումգայիթի ջարդերու» մասին էր, որը մեր ժողովուրդին նորօրեայ պատմութեան մէջ եւ հայ-ազերի յարաբերութիւններու հարցին համար շատ կարեւոր նիւթ մըն է:
Յաջորդ դաստիարակչականը ՀՅԴ ծրագիրին մասին էր, որն ինձ համար շատ հետաքրքիր դասընթացք մըն էր: Ես մինչ այդ երբեք ամբողջովին չէի հասկցած կազմակերպութեան գաղափարախօսութիւնը:
Իմ տնակը լեցուն էր իմ ամենալաւ ընկերներով՝ Օրէնջ Քաունթիէն սկսեալ մինչեւ Փասատինա:
Այս բոլորին վրայ պէտք է աւելցնել, որ իմ ամենասիրելի երկու ընկերեներն էին իմ խորհրդատուները: Բան մը որ այս ամէնը շատ աւելի հաճելի կը դարձնէր:
Ես կը կարծեմ վերջին գիշերուան պարերու եւ յեղափոխական երգերու ժամանակ ես իմ ամենաշատ հաճոյքը ունեցայ:
Շատ շնորհակալ ենք մեր կեդրոնական վարչութեան ընկերներուն, որ «Հայ Վայպզ»ին հրաւիրած էին, որոնց երաժշտութեան հետ մենք մեր ազգային շուրջպարերը պարեցինք:
Անհամբեր կը սպասենք 2011ի ՀՅԴ Խորհրդաժողովին: