Ծաղկազարդէն մինչեւ Յարութեան տօնը երկարող ժամանակաշրջանը կը կոչուի Աւագ Շաբաթ, որ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ եւ ընդհանրապէս քրիստոնեայ հաւատացեալներուն համար, ունի յատուկ նշանակութիւն, որովհետեւ այս ժամանակաշրջանը հարուստ է բազմաթիւ խորհուրդներով։ Շաբթուան իւրաքանչիւր օր նուիրուած է աստուածաշնչական դրուագի մը, որուն նուիրուած յատուկ արարողութիւններ տեղի կ՛ունենան մեր եկեղեցիներուն մէջ։
Աւագ Շաբթուան ընթացքին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան պիտի այցելէ Արեւմտեան թեմի եկեղեցիները եւ պիտի ըլլայ մեր հաւատացեալ ժողովուրդին հետ։
Աւագ Երեքշաբթի՝ Տասը Կուսանաց յիշատակի օրը, ժամը 7ին, առաջնորդը պիտի հանդիսապետէ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ արարողութեան եւ պիտի տայ յաւուր պատշաճի քարոզ մը։
Աւագ Հինգշաբթի, Ապրիլ 1, կ՛ընդգրկէ շարք մը խորհուրդներ՝ Վերջին Ընթրիքը, Ս. Հաղորդութեան հաստատման խորհուրդը, Ոտնլուայ, Ձերբակալութիւն Յիսուսի, Կարգ չարչարանաց եւ Խաւարման գիշեր։ Առաջնորդը, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարէ ոտնլուայի արարողութիւնը, երեկոյեան ժամը 5ին, իսկ Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ պիտի հանդիսապետէ Խաւարման գիշերուան արարողութեան, ժամը 7։30ին։
Աւագ Ուրբաթ, Ապրիլ 2, յիշատակն է Յիսուսի Խաչելութեան եւ Թաղման։ Առաջնորդը պիտի հանդիսապետէ Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ արարողութեանց, ժամը 7ին։
Աւագ Շաբաթ, Ապրիլ 3, Ս. Յարութեան տօնի Ճրագալոյցն է. այս առթիւ առաջնորդը պիտի պատարագէ եւ պիտի քարոզէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ժամը 4։30ին։
Կիրակի, 4 Ապրիլ, Սուրբ Յարութեան տօնն է, Սուրբ Զատիկը։ Առաջնորդը Ս. պատարագ պիտի մատուցէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եւ Ս. Զատկուան խորհուրդը ներկայացնող իր պատգամը պիտի փոխանցէ։ Արարողութիւնը պիտի սկսի ժամը 10։30ին։
Ժամանակացոյցի մանրամասնութիւններուն համար, այցելել Ազգ. առաջնորդարանի կայքը՝
www.westernprelacy.org:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.