ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ոստիկանական երկու կազմակերպութիւնները՝ «Los Angeles Police Protective League» եւ «Peace Officers Research Association of California», Երկուշաբթի, Մարտ 29ին յայտարարած են, թէ իրենք որոշած են նեցուկ կանգնիլ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի 43րդ ընտրատարածքը ներկայացնելու նպատակով իր թեկնածութիւնը առաջադրած Նայիրի Նահապետեանի ընտրութեան:
Աւելի քան 70,000 ոստիկաններ ներկայացնող սոյն կազմակերպութիւնները Միացեալ Նահանգներու ապահովական մեծագոյն կազմակերպութիւններէն են:
Լոս Անճելըսի «Police Protective League»ին կողմէ Նահապետեանին յղուած նամակին մէջ շեշտուած է. «Համայնքին հետ ձեր երկարամեայ կապերը եւ ընկերային սպասարկութեան մարզէն ներս ձեր ապահոված փորձառութիւնը առիթ կ՛ընծայէ ձեզի, որ լաւապէս հասկնաք Լոս Անճելըսի ապահովական կարիքները»:
Իր կարգին, Նահապետեան կը հաստատէ, թէ ընկերային սպասարկութեան մարզին մէջ աշխատելու ընթացքին, մօտէն ծանօթացած է քաղաքին ամենավտանգաւոր նկատուող թաղամասերուն՝ լաւապէս հասկնալով, թէ ոստիկանները ինչպիսի՛ պայմաններու տակ կ՛աշխատին: Ան «պատիւ» որակեց սոյն կազմակերպութեանց տրամադրած նեցուկը եւ խոստացաւ, ընտրուելէ ետք, լաւագոյնը ընել, որպէսզի Լոս Անճելըսի եւ Քալիֆորնիոյ ոստիկանութիւնները իրենց պարտականութիւնը լաւապէս կատարելու համար հարկաւոր բոլոր միջոցները ապահովեն: