ԵՐԵՒԱՆ.- ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները Երեւան եւ Ստեփանակերտ այցելելով՝ հանդիպած են Հայաստանի եւ Ղարաբաղի նախագահներուն եւ անոնց հետ քննարկած Մատրիտեան սկզբունքներուն հանդէպ հայկական կողմին կեցուածքները:
Ռուս համանախագահ Եուրի Մերզլիաքով, Կիրակի օր, Ստեփանակերտի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեանի հետ Մինսկի խումբի համանախագահներու հանդիպումէն ետք, յայտարարած է, որ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման բանակցութիւններուն ընթացքը բաւական լուրջ է եւ այդ վիճակը յառաջացուցած է տարածաշրջան իրենց այցելութեան անհրաժեշտութիւնը։
Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ շուրջ մէկ ու կէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք, Մերզլիաքով յայտնած է, որ հանդիպումներուն նպատակն է՝ նախորդ տարուան վերջաւորութեան համանախագահներու ներկայացուցած առաջարկներու համաձայնեցման գործընթացը շարունակել։
Ըստ Մերզլիաքովի, հայկական կողմը արդէն իր անհամաձայնութիւնը յայտնած է չորս կէտերու վերաբերեալ։
«Սակայն մենք չենք բարդացներ իրավիճակը, որովհետեւ ճիշդ երկու տարի առաջ նոյն իրավիճակը կը տիրէր Մատրիտեան սկզբունքներուն շուրջ, երբ հայկական կողմը կ՛ընդունէր, սակայն ինչպէս հիմա կը պարզուի՝ ոչ ամբողջապէս, իսկ ատրպեճանական կողմէ՝ չէր ընդուներ, եւ մենք երկար աշխատեցանք, որպէսզի գանք ընդհանուր յայտարարի», ըսած է Մերզլիաքով։
Ըստ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին, ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէ բացառած է պատերազմին միջոցով խնդիրի լուծման տարբերակը։ «Պատերազմը տարբերակ չի կրնար ըլլալ, եւ մենք յաճախ, ամէն տեղ այդ մասին կ՛ըսենք։ Մենք կը շարունակենք հաւատալ, որ այս հարցը հնարաւոր չէ լուծել պատերազմի միջոցով։ Եթէ պատերազմ սկսի, յետոյ ի՞նչ. աշխարհագրութիւնը չի փոխուիր, պատմութիւնը չի փոխուիր, եւ խնդիրն աւելի պիտի բարդանայ», յայտարարած է ան։
Ստեփանակերտի մէջ Կիրակի օր Մինսկի խումբի երեք համանախագահներու, նախագահ Բակօ Սահակեանի ու արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեանի հանդիպման մասին ԼՂՀ նախագահի նստավայրէն հրապարակուած պաշտօնական տեղեկագրութիւնը կը յայտնէ, որ հանդիպման ընթացքին նախագահ Սահակեան «մէկ անգամ եւս ընդգծել է, թէ առանց Արցախի հանրապետութեան լիիրաւ մասնակցութեան, անհնարին է հասնել հակամարտութեան վերջնական եւ համապարփակ կարգաւորման»:
Հաղորդագրութիւնը կը տեղեկացնէ նաեւ, թէ «Նախագահ Սահակեանը նշել է, որ հէնց Ադրբեջանի ապակառուցողական ու ռազմատենչ մօտեցումները, ինչպէս նաեւ փոխվստահութեան հաստատմանն ուղղուած նախաձեռնութիւնների շարունակական մերժումը հանդիսանում են հակամարտութեան կարգաւորման ամենամեծ խոչընդոտները: Նախագահը կրկին շեշտել է, որ Արցախի անկախութիւնը եւ անվտանգութիւնը սակարկութեան առարկայ չեն, եւ անցեալը վերադարձնելու ցանկացած փորձ, յղի է անկանխատեսելի հետեւանքներով: Արցախի հանրապետութեան նախագահը հաստատել է Արցախի հաւատարմութիւնը ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի շրջանակներում հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորմանը: Համանախագահները նոյնպէս նշել են, որ հակամարտութեան կարգաւորման ուժային տարբերակը բացարձակապէս անընդունելի է»:
Սոյն հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղած է նաեւ հայ-թուրքական յարաբերութիւններուն, որոնց վերաբերեալ նախագահ Սահակեան նշած է, որ այդ յարաբերութիւնները «որեւէ առնչութիւն չունեն ադրբեջանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հետ, եւ դրանք՝ մէկը միւսի հետ փոխկապակցելու փորձերը, բացասական ազդեցութիւն են ունենում երկու գործընթացների վրայ՝ մտցնելով փակուղի»:
Երկուշաբթի օր Երեւան վերադառնալով՝ Մինսկի խումբի համանախագահները հանդիպած են Հայաստանի ղեկավարներուն հետ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ հանդիպման մասին նոյն նախարարութեան հրապարակած տեղեկագրութիւնը կը յայտնէ. «Քննարկուել են արցախեան հիմնախնդրի կարգաւորման բանակցութիւնների վերջին զարգացումները եւ մադրիդեան առաջարկութիւնների հիման վրայ կողմերի մօտեցումները մերձեցնելու հնարաւորութիւնները»:
Անդրադառնալով վերջին շրջանին մատրիտեան առաջարկութիւններուն հետ կապուած «շահարկումներուն»՝ Նալբանդեան յայտնած է, որ «Մադրիդեան սկզբունքները Հայաստանի կողմից ընդունուել են որպէս բանակցութիւնների հիմք դեռ երկու տարի առաջ եւ շարունակում են մնալ այդպիսին»:
Նշենք, որ երէկ, Երեւանի մէջ, համանախագահները նաեւ ընդունուած են Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ: