Երեքշաբթի, Ապրիլ 13ին, երկոյեան ժամը 8էն սկսեալ, ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանի «Աղաճանեան» սրահին մէջ (6844 Oakdale Ave., Canoga Park, CA 91306) տեղի պիտի ունենայ Պոլսահայ միութեան մշակութային յանձնախումբին եւ «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանին միացեալ ջանքերով կազմակերպուած Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկ մը, որուն գլխաւոր բանախօսն է փրոֆ. Վահագն Տատրեան:
Փրոֆ. Տատրեանի ներկայացնելիք նիւթին խորագիրն է՝ «Խորհրդածութիւններ Հայոց Ցեղասպանութեան 95ամեակին առթիւ»:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեանին՝ (818) 800-1976 թիւով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.