ԷՆՍԻՆՕ.- Սան Ֆերնանտօ հովիտի արեւմտեան բաժնի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Շանթ Յակոբեան ողջունած է Էնսինոյի թաղային խորհուրդի հանրային ապահովութեան ներկայացուցիչ Թոնիա Բարսեղեանի նaախաձեռնութեամբ մէջտեղ եկած Հանրային ապահովութեան յանձնախումբին կազմութիւնը, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ անմիջական աջակցութիւն տրամադրել քաղաքի բնակիչներուն եւ դրացիներուն, մինչեւ որ քաղաքի շտապ օգնութեան սպասարկութիւնները տեղ հասնին:
«CERT» կոչուած յանձնախումբին անդամակցելու համար պէտք է հետեւիլ յատուկ դասընթացքի, որուն մասնակցութիւնը ձրի է. դասընթացքը աւարտողները կը ստանան յատուկ վկայագիր մը:
Դասընթացքները կը շարունակուին ամէն Երեքշաբթի օր, մինչեւ Ապրիլ 20, երեկոյեան ժամը 6:30էն 9:30: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել Թոնիա Բարսեղեանին՝ tbarseghian@ucla.edu հասցէով կամ (818) 817-6998 թիւով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.