ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին, Չորեքշաբթի, Մարտ 24ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ ընթրիք մը կազմակերպուած է Կլենտէյլի ոստիկանապետ Ռանըլտ Տիփոմիայի հետ, քաղաքի «Նոթէ Լունա» ճաշարանին մէջ (113 N. Maryland Ave.): Մուտքի սակը 35 տոլար է, եթէ տեղերը ապահովուին կանխօրօք, իսկ տեղւոյն վրայ՝ 40 տոլար:
Տեղեր ապահովելու համար, այցելել itsmyseat.com համացանցային կայքը:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել info@ancglendale.org հասցէին, կամ (818) 243-3444 թիւին: Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին համացանցային կայքն է www.ancglendale.org:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.