ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ՖՐԵԶՆՕ.- Շաբաթ, Մարտ 13, 2010, Ֆրեզնոյի հայ գաղութին համար նուիրական եւ պատմական օր մը եղաւ: Առաւօտեան, Լոս Անճելըսէն, Արիզոնայէն եւ շրջանիս Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան ընկեր-ընկերուհիները, «Արարատ» գերեզմանատուն այցելեցին եւ Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշարձանին առջեւ իրենց խոստումը վերանորոգեցին: Այս առիթով, շրջանիս ընկերներէն Մհեր Շխրտմեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն՝ յորդորելով, որ ապրին ու գործեն հերոս Սողոմոն Թեհլիրեանի օրինակով:
Երեկոյեան, կազմակերպութեամբ շրջանիս ՀԵԴի «Գէորգ Չաւուշ» ուխտին, «Ասպարէզ» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ՝ նուիրուած Սողոմոն Թեհլիրեանի յիշատակին: Այս առիթով, Քնար Քահքէճեան, Ալեքսիա Շխրտմեան եւ Նայիրի Մոմճեան իրենց երդումը կատարեցին:
Ճաշկերոյթը սկսաւ ժամը 9ին: Ակումբ փութացած էին աւելի քան 350 ընկեր-ընկերուհիներ, Լոս Անճելըսէն՝ ՀԵԴի Կեդրոնական վարչութիւնը, բարեկամներ, համակիրներ, Ֆրեզնոյի մերձակայ շրջաններէն, Մոտեսթոյէն եւ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի ընկեր-ընկերուհիներ:
Պէտք է բարձրաձայն յայտարարել, թէ շատ յաջող ձեռնարկ մըն էր, որուն համար կու գանք ըսելու «Գէորգ Չաւուշ» ուխտի ընկեր-ընկերուհիներուն, ինչպէս նաեւ անոնց ծնողներուն. «Վարձքերնիդ կատար»:
Այս գեղեցիկ երեկոն ծաղկեցուցին, յեղափոխական երգերու լաւագոյն մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեանը եւ իր նուագախումբը, որոնք ժամեր, առանց դադարի երգեցին՝ ստեղծելով սքանչելի մթնոլորտ մը, որուն համար կու գանք անոնց եւս ըսելու. «Սիրելի Գառնիկ, ձայնդ անսպառ, կեանքդ երկար, որպէսզի թովիչ այդ երգերովդ սրտեր ջերմացնես, իսկ նուագողներուն՝ ուժ ու կարողութիւն, եւ ապրի՛ք սիրելի հայորդիներ»:
«Ասպարէզ» սրահը բերնէ բերան լեցուն էր: Ճաշկերոյթի սկզբնաւորութեան բեմ բարձրացաւ ընկերուհի Ռիթա-Մարի Կոստանեանը. ան բարի գալուստի եւ շնորհակալական խօսքէն ետք, բեմ հրաւիրեց «Գէորգ Չաւուշ» ուխտի ատենապետ Սեւակ Ճիյէրեանը, որ հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով իր սրտի խօսքը փոխանցելէ ետք, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն, որոնք նուիրաբերած էին բոլոր ճաշերը, ինչպէս նաեւ ծնողներուն, որոնք շաբաթ մը ամբողջ, իրենց ժամանակը տրամադրեցին ու պատրաստեցին այդ կերակուրները:
Ապա ընկերուհի Կոստանեան բեմ հրաւիրեց ՀԵԴի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Արեգ Սանդիկեան, որ իր գոհունակութիւնն ու ուրախութիւնը յայտնեց:
Ապա բեմ բարձրացաւ շրջանիս «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի հերթապահ Խաչիկ Հաւաթեանը, որ փոխանցեց կոմիտէի խօսքը ու իր ուրախութիւնը յայտնեց այս յաջող ձեռնառկին համար:
Սողոմոն Թեհլիրեանի կեանքին նուիրուած 10 վայրկեան տեւողութեամբ խտասալիկին ցուցադրութենէն ետք, ծափերու մէջ բեմ բարձրացաւ Գառնիկ Սարգիսեանը եւ սրահը ամբողջութեամբ յեղափոխականացաւ. այս մթնոլորտը շարունակուեցաւ մինչեւ առաւօտեան ժամերը, երիտասարդ եւ ծեր, գաւաթները բարձրացուցած՝ երգիչին հետ տողանցեցին հայրենի աշխարհ. յարգելի երգիչը, որ լաւապէս գիտէ սրտեր գրաւել, իր երգերով մեզի տարաւ մեր դաշտերը, մեր լեռները, ուր ֆետային, «բուք ու բորան, մութ գիշերին պտտում էր», Խանասորի դաշտ, Արաուլ լեռ, Արազի ափին: «Ով որ Քաջ է, ի՞նչ կը սպասէ», «Վէրքերով լի», «Չորրորդ գունդի հրամանատար», «Պանք Օթոման» եւ նման յեղափոխական երգեր ոսկէ մանեակի պէս իրար յաջորդեցին՝ գեղեցիկ եւ կատարեալ մեկնաբանութեամբ. ապա մեր երգիչը, ներկայացուց ֆետայիներու նուիրուած փունջ մը նոր երգեր՝ «Աբօ», «Կ. Գափլանեան», «Լիզպոն», «Վիգէն», ինչպէս նաեւ ընդհանրացած երգեր՝ «Գետաշէն», «Մարտիկի երգը», «Կոտորածն անգութ», «Զարթիր որդեակ», «Խրիմեան Հայրիկ» եւ այլք: Այս խանդավառ մթնոլորտը աւելի ջերմացաւ, երբ Գառնիկ կարդաց Համբիկ Սասունեանին այս առիթով գրած նամակը, ուր ան յոյս կը յայտնէր՝ «մօտ ատենէն կը տեսնուինք», իսկ «Ռատիօ Ակա»ն, որ ամբողջ ճաշկերոյթի ընթացքին երեկոն կը ձայնասփռէր սրահէն Սփիւռք, իր կողմէն յուշանուէր մը նուիրեց Գառնիկ Սարգիսեանին:
Յեղափոխական մթնոլորտէն խանդավառուած՝ 6600 ամերիկեան տոլար նուիրատուութիւններ եղան «Գէորգ Չաւուշ» ուխտին:
Հոս կ՛ուզենք մատնանշել երեւոյթ մը՝ ցոյց տալու համար, թէ Մարտ 13ի երեկոյեան ի՛նչպիսի յեղափոխականացած մթնոլորտ կը տիրէր «Ասպարէզ» ակումբին մէջ, վկայ՝ Գասպարեան եղբայրներն ու իրենց նմանները: Եդուարդ, 81 տարեկան եւ Ռուբէն՝ 74, որոնք ընտանիքով Մոտեսթոյէն եկած էին ներկայ գտնուելու այս ճաշկերոյթին, մինչեւ ուշ գիշեր երգիչին հետ երգեցին եւ ծափահարեցին, ուրախ ու հպարտ, մոռնալով իրենց ուսերուն վրայ ծանրածող տարիները:
Սիրելի ընթերցող, մենք գիտենք երիտասարդանալ պէտք եղած ժամանակին, հոգ չէ, թէ տարիներու բեռը մեր ուսերուն վրայ ճնշէ, որովհետեւ մենք խարսխուած ենք մեր հայրենիքին մեր յեղափոխական երգերով. անոնք մաս կը կազմեն մեր էութեան, մեր միս ու ոսկորին, եւ արտաւազդեան ամուր շղթաներով ամրացուած են անոնք:
Այս սքանչելի երեկոն վերջ գտաւ «Արիւնոտ դրօշ»ով, առաւօտեան ժամը երեքին: