ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Կլենտէյլի նախկին քաղաքական Լերի Զարեան Հինգշաբթի, Մարտ 18ին Քալիֆորնիոյ փոխադրական հարցերու յանձնաժողովի անդամ վերանշանակուած է նահանգապետ Առնոլտ Շուարցնեկըրի կողմէ:
Զարեան յանձնաժողովին անդամ է 2006էն ի վեր, իսկ «Metrolink»ի վարչութեան անդամ եղած է 1996էն 2004ի միջեւ:
1993էն 1997ի միջեւ, Զարեան եղած է Լոս Անճելըս գաւառի քաղաքային փոխադրական հարցերու վարչութեան անդամ եւ նախագահ, իսկ 1986էն 1990ի միջեւ՝ Ազատուղիներու ապահովութեան ազգային յանձնաժողովի փոխնախագահ:
Հանրապետական կուսակցութեան անդամ Զարեանի նշանակումը պէտք է վաւերացուի նահանգային Ծերակոյտին կողմէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.