ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երկուշաբթի, Մարտ 22ին, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) Հայագիտական հիմնարկի կազմակերպութեամբ, համալսարանի «Ուէյթ Ֆիլիփս» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենան երկու ներկայացումներ, կէսօրուան ժամը 12էն մինչեւ կ.ե. ժամը 1:30:
Առաջին դասախօսութիւնը պիտի ներկայացնէ Միշիկընի համալսարանին մէջ հայերէնի եւ հայկական գրականութեան դասախօս ու Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան նախագահ դոկտ. Գէորգ Պարտագճեանը, որ պիտի խօսի հայագիտական ուսմանց մարտահրաւէրներուն եւ Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան աշխատանքներուն մասին:
Ապա, Վենետիկի «Քա Ֆոսքարի» համալսարանէն հայերէնի եւ հայկական գրականութեան դասախօս դոկտ. Սօնա Յարութիւնեան պիտի խօսի իտալացի բանաստեղծուհի Վիքթորիա Աղանուրի հայկական ինքնութեան մասին:
Տեղեր ապահովելու համար, դիմել armenian@college.usc.edu հասցէին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.