«National Geographic» թերթին համացանցային ամէնօրեայ լուրերու բաժնի խմբագիրը՝ Տէյվիտ Պրաուն, ընդարձակ յօդուածով մը, լուսանկարներով եւ տեսաերիզով, անդրադարձած է «Հայաստան ծառատունկ ծրագիր»ին (Armenia Tree Project, ATP) կողմէ տարուող աշխատանքներուն՝ դրուատելով Հայաստանի կենսոլրտին եւ տնտեսութեան բարելաւման մէջ այդ կազմակերպութեան ունեցած յատկանշական դերակատարութիւնը:
Պրաուն գրած է, թէ Հայաստան դառն փորձառութենէ ետք շատ լաւ կը գիտակցի անտառներուն կարեւորութեան, եւ թէ հոն տեղի ունեցող ծառատունկի ծրագիրները կրնան աշխարհին համար օրինակ դառնալ:
«Nat Geo News Watch»ի համացանցային կայքին վրայ գտնուող եւ «Ծառերը ինչպէ՞ս յոյս կը վերահաստատեն Հայաստանի մէջ» խորագիրով յօդուածը կարելի է կարդալ հետեւեալ հասցէով.
blogs.nationalgeographic.com/blogs/news/chiefeditor/2010/03/trees-restore-hope-to-armenia.html:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.