ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Շաբաթ, Մարտ 13ի առաւօտեան, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Ասորի ուղղափառ քոյր եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Զագգա Ա. Իուաս պատրիարքին ներկայացուցիչ՝ մեթրոպոլիտ Սալիպան: Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ նաեւ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Նարեկ եպս. Ալեէմէզեանը:
Խօսակցութիւնները կեդրոնացան հայրապետի վերջերս Հնդկաստան տուած պաշտօնական այցելութեան վրայ:
Յայտնենք, որ երկար դարերու վրայ տարածուած սերտ կապ գոյութիւն ունի Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Անտիոքի աթոռին ու Հնդկաստանի ուղղափառ եկեղեցւոյ միջեւ:
Հանդիպման աւարտին վեհափառը տեղեկացուց, թէ իբրեւ իր անձնական պատուիրակը, Նարեկ սրբազանը յառաջիկայ օրերուն պիտի մեկնի Դամասկոս՝ հանդիպում ունենալու Զագգա Ա. պատրիարքին հետ, եւ յատուկ պատգամ մը պիտի փոխանցէ Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետին, սոյն այցելութեան մանրամասնութեանց առնչութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.