ԼՈՆՏՈՆ.- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիպ Էրտողան, որ Անգլիա կը գտնուի մասնակցելու համար Թուրքիա-Անգլիա աշխատաժողովի մը, հաստատեց, թէ Անգլիոյ Ժողովուրդներու պալատը բացարձակապէս պիտի չվաւերացնէ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը։ Այս մասին երաշխաւորած է Անգլիոյ Արտաքին Նախարար Ճէք Սթրովէն, որ վստահեցուցած է վարչապետ Էրտողանը, թէ այդ բանաձեւին վաւերացման հաւանականութիւնը զերօ է։ Անգլիոյ խորհրդարանի Ժողովրդական պալատի անդամներուն թիւը 651 է, իսկ հայկական բանաձեւին թիկունք կանգնած է ցարդ մէկ երեսփոխան, ըսած է ան։
Վարչապետ Էրտողան այս առթիւ յայտնած է, որ Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարարին երաշխաւորութիւնը անվաւեր կը դարձնէ շրջող շշուկները։ Էրտողան լրագրողի մը հարցումին պատասխանելով՝ ըսած է, թէ այս զարգացումը նոր վնաս պիտի չպատճառէ ԱՄՆ-Թուրքիա յարաբերութիւններուն։
«ԱՄՆ-Թուրքիա յարաբերութիւնները բացարձակապէս պայմանաւորուած չեն Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններով, Թուրքիա ու ԱՄՆ ռազմավարական գործընկերներ են», ըսած է Էրտողան։
Հակառակ այս դրական զարգացումին, վարչապետ Էրտողան «Պի.Պի.Սի.»ին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է Թուրքիոյ մէջ փախստական կարգավիճակով աշխատող հայաստանցիներուն, եւ հակասելով մէկ օր առաջ արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլուի յայտարարութեան՝ ըսած է, որ Թուրքիա կրնայ վտարել, իր գնահատումով, շուրջ հարիւր հազարի հասնող հայաստանցիները։
«Ես ստիպուած չեմ զանոնք պահելու երկրիս մէջ։ Անոնք, որոնք Հայաստանը կը սիրեն, թող արգելք ըլլան զանազան երկիրներու խորհրադարաններէն ներս սարքուած հանդէսներուն։ Անոնք, որոնք Հայաստանը կը սիրեն, օրինակ՝ Ֆրանսան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, Ռուսիան, թող օգնեն, որպէսզի Հայաստան փրկուի Սփիւռքի ճնշումներէն», յայտնած է Էրտողան:
«Այսինքն՝ հայաստանցիները կը հեռացնէ՞ք Թուրքիայէն, այդպէ՞ս ըսիք». այս հարցումին Էրտողանի պատասխանը եղած է՝ «Եթէ պէտք ըլլայ։ Բայց հարկաւ ասիկա այսօր-վաղը չէ»։
«Միլլիյէթ», որ այս հարցազրոյցին մասին մանրամասնութիւններ կու տայ, կը յիշեցնէ, թէ վարչապետ Էրտողան նախապէս «ԹՌԹ-1» հեռատեսիլի կայանէն ալ խօսած էր Թուրքիոյ մէջ աշխատող հայաստանցիներուն մասին եւ ըսած էր, որ Թուրքիա աչք կը գոցէ անոնց կեցութեան՝ մտածելով, որ անոնք նեղութիւններ ունին իրենց երկրին մէջ։
«Մենք իրենց հետ ալ խօսեցանք, մեզի խնդրանքներ ներկայացուցին, բայց կան որոշ բաներ, զորս չենք կրնար ընել առանց օրէնքներու վրայ հիմնուելու։ Բայց ի՞նչ մեղք, որ դուրսինները չեն խօսիր մեր այս բարեացակամութեան մասին», նախապէս ըսած էր Էրտողան։
Մեկնած վարչապետին վերոյիշեալ խօսքերէն՝ «Միլլիյէթ» կը յիշեցնէ Թուրքիոյ մէջ բնակող հայաստանցիներուն մասին Եւրասիոյ համագործակցութեան հիմնարկին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւնը, որ հիմնուած է Հայաստանէն Թուրքիա եկած եւ աշխատած 200 գաղթականներու հետ կատարուած հարցազրոյցներու վրայ։ Ըստ այս ուսումնասիրութեան, Թուրքիոյ մէջ աշխատող հայաստանցիներուն թիւը 100 հազար չէ, ինչպէս կը պնդուի, այլ պարզապէս 10 հազար է։ Մէկ ամիս առաջ հրապարակուած սոյն ուսումնասիրութեան համաձայն, գաղթականներուն 96 տոկոսը կին է եւ անոնց 93 տոկոսը՝ փախստական է, կեցութեան արտօնագիրը (վիզան) լրացած։ 3 տոկոսը կանոնաւոր կերպով կը նորոգէ իր վիզան, 4 տոկոսն ալ թրքահպատակներու հետ ամուսնացած ու իր կեցութիւնը օրինականացուցած է։
Թուրքիոյ մէջ ապրող փախստական Հայ գաղթականներու հարցը
Զանազան թուականներուն, զանազան քաղաքագէտներ, տարբեր թիւեր կուտան Թուրքիա ապրող Հայաստանցիներու մասին:Տարիներ առաջ այս թիւը 30 հազար էր, յետոյ ըսուեցաւ որ այս թիւը 70 հազար է:Վերջապէս Վարչապետ Էրտողան յայտարարեց թէ 100 հազար փախստական Հայաստանցիներ կ’ապրին Թուրքիոյ մէջ:Նախ ըսենք որ այդ ենթադրութիւնը թէ Թուրքիոյ մէջ 100 հազար Հայաստանցիներ կ ‘ապրին բաւական չափազանցուած է:
Կարգ մը քաղաքագէտներ երկու երկիրներու մէջ ստեղծուած իրավիճակէն մեկնելով,տարբեր յայտարարութիւններ կ ‘ընեն այս հայաստանցիներու մասին::Երբ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ հարաբերութիւնները սովորական են , ոչ ոք կը դժգոյի անոնցմէ : Իսկ երբ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները թէկուզ նուազ համեմատութեամբ ձգտեալ վիճակ մը կը պարզեն,օրինակի համար 24 Ապրիլի նախօրեակին ,այդ նոյն քաղաքագէտները կ ‘ըսեն թէ Թուրք Պետութիւնը , բարեկամեցողութիւն ցոյց տալով, աչք կը քթթէ Հայաստանցիներուն, որոնք ապօրէն կարգավիճակով կ ‘աշխատին Թուրքիոյ մէջ բայց պէտք է որ պետութիւնը զանոնք իրենց երկիրը ետ ղըրկէ:Երբ այսպիսի յայտարարութիւններ կը լսենք եւ կը կարդանք ,մտքերնուս մէջ սա կասկածը կը կ ‘արթննայ.արդեօք իսկապէս այս Հայաստանցիներու ապօրէն կեցութեան վրայ աչք կը գոցեն իբրեւ բարեկամեցողութիւն ,թէ ոչ անոնք հոս վար կը դրուին որպէսզի երբ յանկարծ առիթը ներկայանայ ,վռնտուին երկրէն’ սպառնալով քաղաքական արդարութիւնը գործադրել:Եթէ նպատակը իրապէս բարեկամեցողութիւն ցոյց տալ է ,ուրէմն պատճառը ինչ որ ալ ըլլայ պետք չէ երբեք սպառնալ թէ այդ Հայաստանցիները կրնան դուրս բտարուիլ երկրէն::
Նիւթը մէյմն ալ քննենք տարբեր անկիւնէ մը: Թուրքիայ ապրող Հայաստանցիներու մասին զանազան վիճակագրական տուեալներ կը տրուին:Թէ քանի ՞ տոկոսը կին է եւ քանի ՞ տոկոսը այր:Քանի ՞ տոկոսը տնային գործերու մէջ կաշխատին եւ քանի ՞ տոկոսը ոսկերչութեան ասպարեզի մէջ:Քանի ՞ տոկոսը երեխայ ունի եւ այլն:
Բայց մինչեւ հիմայ բնաւ չեմ հանդիպած վիճակագրութեան մը ,որ յայտնէ թէ այս փախստականի կարգավիճակով Թուրքիոյ մէջ ապրող Հայաստանցիներուն քանի ՞ տոկոսին մեծ հայրերը կամ մեծ մայրերը, 1915 ի աղիտալի տարիներուն իրենց հողերէն ագսորուած ,իրենց երկրէն դուրս հանուած Օսմանցի Հայերուն թոռներն են արդեօք: Եթէ այսպիսի վիճակագրութիւն մը կատարուի ,վստայ եմ ,որ յայտնի պիտի դառնայ թէ այդ <> Հայաստանցիներուն մեծ մասը այս հողերուն հետ հօրենական կապեր ունին:
Այսօր Ֆրանսիոյ մէջ մեծ թիւով Մաղրիբցիներ կ’ապրին . Ալճերացիներ, Մարոքցիներ,Թոնիսցիներ, Սենեկալցիներ եւ ուրիշ շատ մը ազգեր:Անգլիոյ մէջ կ’ապրին Հնդիկներ,Փաքիստանցիներ:Իտալիոյ մէջ կ’ապրին Լիպիացիներ եւ Ալպանացիներ բայց այս երկիրներուն քաղաքագէտները չեն սպառնար զանոնք երկրէն դուրս վտարել:Ընդհակառակը այս ազգերը այդ Եւրոպական երկիրներուն մէջ առանձնաշնորհում կը վայելէն եւ այդ երկիրներուն հպատակութիւնը կը ստանան: Վերոյիշեալ Եւրոպական երկիրները , այդպիսի քաղաքականութիւն մը վարելով , կը ջանան բարեկամեցողութիւն ցոյց տալ այն ազգերուն ,որոնց տառապանքներ պատճառած են անցեալի մէջ :Գալով Թուրքիոյ,հոս առժամաբար բնակութիւն հաստատած Հայաստանցիներ արտօնութիւն չունին իրենց զաւակները արձանագրել տալու Պոլսոյ Հայ Ազգային Վարժարաններուն մէջ : Դժբախտաբար այդ տղաքը դատապարտուած են թափառելու փողոցներուն մէջ եւ դիմագրաւելու ինչ ինչ վտանգներ,մինչ ինենց մայրերն ու հայրերը կ ‘աշխատին եւ երեկոյան ուշ ժամերուն տուն կը վերադառնան:
Թուրքիա որ կը ձգտի անդամակցիլ Եւրոմիութեան ,պարտաւոր է եւրոպական երկիրներու մշակած քաղաքականութիւնը որպէս օրինակ կիրարկել այս երկրին մէջ եւս:
Օշին էլակէօզեան
Մարմարա Օրաթերթ
Պոլիս