ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Մատրիտեան սկզբունքներու նորոգուած տարբերակը ականապատուած դաշտի մը կը վերածէ ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման գծով տարուող բանակցութիւնները:
Մամուլի մէջ սպրդած տեղեկութիւններ որոշ գաղափար մը կու տան այդ ականներուն վերաբերեալ, որոնցմէ ամէնէն կարեւորները տարածքներու վերադարձի ու խաղաղապահ ուժերու տեղաւորման կէտերն են:
Այս սիւնակով ակնարկած էինք, որ Մատրիտեան նորոգուած սկզբունքներու ներկայացումը առիթ ընծայեց Ատրպէյճանին կարեւոր փոփոխութեան ենթարկելու իր բանակցային մարտավարութիւնը՝ կառուցողական դիրքորոշումով հանդէս գալու եւ միջազգային ճնշումը Հայաստանին վրայ կեդրոնացնելու նպատակով:
Այս նոր վիճակը յայտնապէս անակնկալի բերած է Հայաստանը՝ զինք եւս մղելով նոր մարտավարութիւն որդեգրելու բանակցային գործընթացին մէջ:
Հայկական մարտավարութեան նոր մեխը ղարաբաղեան մասնակցութեան հարցի արծարծումը կամ վերարծարծումը կը թուի ըլլալ: Հայաստան, հաւանաբար, միշտ ալ ի մտի ունեցած է բանակցութեան գործընթացին մէջ Ղարաբաղը վերստին ներգրաւելու խնդիրը, բայց անհասկնալի ինքնավստահութեամբ, ինքն իր վրայ վերցուցած էր Արցախի իրաւունքներն ու շահերը ներկայացնելու լիազօրութիւնը:
Հայաստանի դերը եղած է ու պէտք է ըլլայ Ղարաբաղին թիկունք ու երաշխիք տալը, այլ ոչ թէ յանուն Ղարաբաղի բանակցիլը, որ կրնայ իր մէջ անտեղի վտանգներ պարունակել: Արդարեւ, Ղարաբաղն է միակ քաղաքական միաւորը, որ կրնայ իր շահերը, իր կեանքը ապահովելու համար ամէն տեսակ ճնշում դիմագրաւել եւ ամուր կենալ իր դիրքերուն վրայ:
Իսկ Հայաստանը, պէ՛տք է պնդէ, որ առանց Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան օրինականօրէն ընտրուած իշխանութեանց մասնակցութեան, լուծման որեւէ տարբերակ գտնելը հնարաւոր չէ: