ՓԱՐԻԶ.- Աշխատանքային այցով Փարիզ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Մարտ 16ին, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Եուրի Մերզլեաքովի, Պեռնար Ֆասիէի, Ռապըրթ Պրատթքիի եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքի հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին անդրադառնալով բանակցութիւններուն Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութեան հարցին՝ ընդգծած է, որ հիմնախնդիրին հանգուցալուծումը անհնար է առանց ԼՂՀ իշխանութիւններու անմիջական մասնակցութեան:
Նալբանդեան համանախագահներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց Ատրպէյճանի կողմէ բանակցային գործընթացի էութիւնն ու իմաստը խեղաթիւրելու շարունակական փորձերուն վրայ՝ ընդգծելով, որ անոնք բացասական անդրադարձ կ՛ունենան բանակցութիւններու մթնոլորտին վրայ եւ կը խոչընդոտեն անոնց առաջընթացը:
Համանախագահները Էդուարդ Նալբանդեանին տեղեկացուցած են Մարտ 5ին, Փարիզի մէջ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ իրենց ունեցած քննարկումներուն արդիւնքները: Այս հանդիպման ընթացքին, Նալբանդեան համանախագահներուն հետ քննարկած է նաեւ յառաջիկային միջնորդներուն տարածաշրջան կատարելիք այցելութեան հնարաւորութիւնը:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլհան Փոլուխով, անդրադառնալով Էդուարդ Նալբանդեանի փարիզեան հանդիպման ընթացքին համանախագահներուն փոխանցած դիրքորոշման՝ յայտնած է, թէ «Ատրպէյճանը բազմիցս յայտարարած է, որ կ՛ընդունի Մատրիտեան նորացուած սկզբունքները՝ քանի մը բացառութիւններով, եւ մենք կը շարունակենք այդ տեսակէտին վրայ հաստատ մնալ: Ներկայիս Հայաստանը պէտք է պատասխան տայ այդ սկզբունքներուն, քանի որ Ատրպէյճանի դիրքորոշումը արդէն յայտնի է»:
Փոլուխովի խօսքով, ատրպեճանական կողմը միայն կը կրկնէ այն սկզբունքները, որոնք կան հայկական կողմի մասնակցութեամբ պատրաստուած փաստաթուղթին մէջ: Անդրադառնալով բանակցային գործընթացին Ղարաբաղի մասնակցութեան՝ ան նշած է, որ Պաքուն բազմիցս յայտարարած է, թէ Ղարաբաղի հայկական եւ ատրպեճանական համայնքներուն ներկայացուցիչները հետագայ մէկ փուլին կրնան մասնակցիլ բանակցութիւններուն: