ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Փանորամա».- Ըստ Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան, ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Մարտ 16ին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի գրականութեան եւ մարմնակրթութեան բնագաւառներու խումբ մը ներկայացուցիչներու հետ, որոնց հետ քննարկած է նշեալ ոլորտներու զարգացման առնչուող հարցերը:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը յատուկ ուշադրութիւն հրաւիրած են ՀայաստանԱրցախՍփիւռք կապերու ամրապնդման վրայ:
Նշենք, որ հանդիպման ներկայ եղած են նաեւ Հայաստանի եւ Ղարաբաղի Հայ գրողներու միութեան նախագահները՝ Լեւոն Անանեանն ու Վարդան Յակոբեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.