ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պոլսոյ պատրիարքարանէն կը տեղեկանանք, որ Կրօնական ժողովի ատենապետ Արամ արք. Աթէշեան, Էլազըղի մէջ պատահած երկրաշարժին տխուր առիթով, ցաւակցական հեռագիրներ առաքած է Էլազըղի կուսակալ Մուամմեր Էրօլին ու Էլազըղի միւֆթի Էօմեր Գոճաօղլուին։
Արամ սրբազան, պատրիարքարանի ու թրքահայ համայնքին անունով, ցաւակցութիւն յայտնած է Էլազըղի մէջ իրենց կեանքը կորսնցուցած հայրենակիցներուն ու աղէտէն տուժածներուն համար։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.