ՓՐԱԿ.- Չեխիոյ նախագահ Վացլաւ Կլաուս վերջերս ընդունած է չեխահայ յայտնի գործարար Գէորգ Աւետիսեանը, որուն հետ քննարկած է «Միքօ Ինթըրնեշընըլ» ընկերութեան «Մառլենկա» մեղրի արտադրութեան մանրամասնութիւնները:
Զրոյցի ընթացքին կողմերը նաեւ խօսած են հայ ժողովուրդի պատմութեան, Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան տարածման եւ այլ հարցերու մասին:
Յիշեցնենք, որ 2009ին չեխական Ֆրիտեք-Միսթեկ քաղաքին մէջ բացուած է «Միքօ Ինթըրնեշընըլ» նոր գործարանը, որ մեղրով թխուածքի արտադրութեան ամենամեծ գործարանն է Եւրոպայի մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.