ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Անատոլու».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ֆիլիփ Քրաուլի յայտնած է, թէ Օպամայի վարչակազմը դէմ է Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 252 բանաձեւի քուէարկման։
Քրաուլի յայտնած է, թէ «Քոնկրեսական որեւէ յաւելեալ քայլ պիտի արգելակէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը։ Թէեւ Թուրքիա Միացեալ Նահանգներու մէջ իր դեսպանը տուն կանչած է, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը կը հաւատայ, թէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ լաւագոյն ճամբան, յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի ջանքերուն միջոցով իրենց հասարակաց անցեալը դիմակայելն է։ Մենք բարձրագոյն մակարդակներու վրայ թուրք եւ հայ պաշտօնատարներու հետ կապի մէջ ենք, զանոնք կը քաջալերենք, որպէսզի արձանագրութիւնները պատեհ ժամանակի վաւերացնեն, եւ անհամբեր կը սպասենք անոնց հետ երկխօսութեան շարունակման»։
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ռապըրթ Կէյց անցեալ Շաբաթ օր յայտնեց, թէ իր երկիրը համոզուած է, որ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին որդեգրումը սխալ մըն էր։ Ան նշեց, որ այդպիսի որոշումներ կը վնասեն թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները։ «Մենք կը յուսանք, որ Քոնկրեսը եւ Ներկայացուցիչներու տունը այս քայլը աւելի յառաջ չեն տանիր», ըսաւ ան «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին։
Կէյց նաեւ ընդգծեց, որ այս բանաձեւը զինք կը մտահոգէ, սակայն այս հանգրուանին գոնէ կրնայ ըսել, թէ պարզապէս Ներկայացուցիչներու տան մէկ յանձնախումբն է, որ որդեգրած է նշեալ բանաձեւը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.