«Ուաշինկթըն Փոսթ»ի հարցումներուն պատասխանելով՝ ֆութպոլիստ Ալեքօ Էսքանտարեան, որ Լոս Անճելըսի «Կալաքսի» խումբի յառաջապահներէն է, հաստատեց, թէ բժիշկներու խրատներով պարտաւոր է առայժմ հեռանալու արհեստավարժ ֆութպոլի դաշտերէն։ Ան անցեալ տարի կայացած մրցումի մը ընթացքին ենթարկուած էր ուղեղային ծանր ցնցումի մը, որմէ չէ կրցած ամբողջութեամբ ապաքինիլ։ Ան քանի մը տարի առաջ նոյնպէս նման հարուծ մը ստանալով՝ մէկ տարի հեռու մնացած էր ֆութպոլի դաշտերէն: Հայազգի ֆութպոլիստը խաղացած է նաեւ այլ խումբերու հետ, իսկ Միացեալ Նահանգներու ախոյեանութիւնը շահած է «Տի.Սի.Եունայթըտ»ի հետ, 2004ին՝ աւարտական մրցումին լաւագոյն խաղացողը ընտրուելով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.