ԹԵՀՐԱՆ.- Կիրակի, Մարտ 7ի երեկոյեան, Թեհրանի պետական համալսարանի իրաւաբանական եւ քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքի սրահին մէջ կայացաւ «2010ին Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան հեռանկարը» խորագիրով միջազգային համագումարը:
Համագումարի բացման ելոյթներով հանդէս եկան Պաքուի մօտ Իրանի դեսպան դոկտ. Մոհամմատպաղեր Պահրամի, Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպան սէյետ Ալի Սաղայեան եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան Կեդրոնական Ասիոյ ու Կովկասի հարցերով ուսումնասիրութեան գրասենեակի տնօրէն դոկտ. Ալիռեզա Քասայի:
Յիշեալները կարեւորութեամբ անդրադարձան ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցի շրջագիծէն ներս տարածաշրջանային համագործակցութեան եւ Իրանի դերակատարութեան: Անոնք նշեցին նաեւ, որ Կովկասի մէջ ծագած տագնապները թէեւ ներքին խնդիրներու հետեւանքով են, սակայն հետեւանք են նաեւ արտաքին ուժերու միջամտութեան:
Համագումարի բացումէն ետք սկսաւ առաջին նիստը, զոր կը նախագահէր Շիրազի համալսարանի դասախօս դոկտ. Ճաւատ Վաիտին, որուն ելոյթի թեման էր՝ «Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բարելաւումը. ներքին կամք եւ արտաքին դերակատարութիւններ»: Օրուան երկրորդ նիստին ելոյթ ունեցան նիստի նախագահը հետեւեալ թեմայով՝ «Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգութեան ու համագործակցութեան կայունացման ու ամրապնդման հարցով Իրանի դերակատարութիւնը», նաեւ Վրաստանէն «Կովկասի խաղաղութեան, անվտանգութեան ու բարգաւաճման հիմնարկ»ի տնօրէն եւ համալսարանի դասախօս փրոֆ. Կիանոտիա խօսեցաւ Ռուսիոյ դէմ պատերազմէն ետք Վրաստանի անվտանգութեան քաղաքականութեան մասին:
Սոյն համագումարին ներկայ էին նաեւ Իրանի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գրիգոր Առաքելեան, ինչպէս նաեւ քաղաքական գործիչներ եւ ուսանողներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.