ՊԷՅՐՈՒԹ.- Շաբաթ, Մարտ 6ի յետմիջօրէին, «Մոն Լա Սալ» դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի կրթութեան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած միջդպրոցական պարի փառատօնը։
Համազգայինի «Մ. եւ Հ. Արսլանեան» ճեմարանի Դ. դասարաններու պարախումբը ելոյթ ունեցաւ հայկական գաւառական պարով մը, եւ շահեցաւ Լեռնալիբանանի իր դասակարգին առաջնութիւնը։
Նախքան շահող խումբը բեմ հրաւիրելը, դատական կազմը ժպտադէմ, զուարթ տարազներով եւ կարգապահ որակեց պարախումբը, որ արժանացաւ ներկաներուն բուռն ծափահարութեան։ Պարախումբը իր յաջողութիւնը կը պարտի պարուսոյց ՄարիԺան Ատուրեանին, որուն ջանքերուն շնորհիւ, Ճեմարանը յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով փայլուն արդիւնքներ կ՛ապահովէ յիշեալ փառատօնին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.