ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու խմբագրած Մատրիտեան նորոգուած սկզբունքներու ներկայացումը Ատրպէյճանին կողմէ կ՛օգտագործուի դիւանագիտական անկիւնադարձ մը կատարելու եւ համաձայնողի դերով հանդէս գալու համար:
Ղարաբաղի հարցի լուծման կապակցութեամբ ցարդ տարուող բանակցութեանց գրեթէ ամբողջ ընթացքին, Ատրպէյճան որդեգրած էր անզիջող կեցուածք՝ անընդունելի գտնելով որեւէ լուծում, ուր հեռաւոր կերպով իսկ ակնարկուած կ՛ըլլայ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը:
Ատրպէյճան պնդած է ու կը պնդէ, թէ Ղարաբաղի հարցը պէտք է լուծուի տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքով: Այս նոր հանգրուանին, Ատրպէյճան կը դիմէ «փուլային լուծման» հին տարբերակին, որ ըստ էութեան, գրեթէ ամէն հանգրուանի միայն ու միայն հայկական կողմէ կատարուած զիջումներով կը պատկերացուի:
Տարածքներ յանձնել Ատրպէյճանին, ատրպէյճանի «գաղթականներ» տեղաւորել Արցախի տարածքին, ու ապա միայն հանրաքուէ կատարել՝ ճշդելու համար Ղարաբաղի կարգավիճակը: Այս տարբերակին է, որ Արտրպէյճան «այո» կ՛ըսէ, իսկ Հայաստան ստիպուած պիտի ըլլայ վերապահութիւններ յայտնելու եւ հետեւաբար՝ ներկայանալու իբրեւ անզիջող ու կարծր դիրքորոշման կրողը:
Հայաստանի պաշտօնական դիրքորոշումը այսօր պիտի ներկայացուի Մինսկի խումբի համանախագահներուն: Այդ դիրքորոշումը վստահաբար պիտի հիմնուի Արցախի ժողովուրդի կենսական իրաւունքներու պաշտպանութեան վրայ: Հայկական դիւանագիտութիւնը, որ ահագին փորձ ունի ղարաբաղեան հակամարտութեան բանակցութիւններուն մէջ, Հայաստանի դիրքորոշումը բանաձեւելու ընթացքին վստահաբար նկատի պիտի առնէ քայլեր, որոնք ջղագրգիռ Ատրպէյճանին վերստին պիտի պարտադրեն դրսեւորել իրենց աւելի հարազատ դիրքորոշումը՝ կարծր ու մերժողական՝ ձախողեցնելով միջազգային ճնշումները Հայաստանի վրայ կեդրոնացնելու այս «ճարպիկ» մարտավարութիւնը: