ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ինչպէս անցեալին, այս տարի եւս Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴն, Հայաստանի Գիւմրի քաղաքին մէջ պիտի իրականացնէ իր Երիտասարդական ջոկատներ ծրագիրը, որուն կրնան մասնակցիլ 18 տարիքը բոլորած երիտասարդ-երիտասարդուհիներ: Դիմումները ներկայացնելու պայմանաժամն է Ապրիլ 12ը:

15 տարի առաջ սկսած սոյն ծրագիրի դիմումնագիրներուն համար, այցելել www.ayfwest.org/youthcorps համացանցային կայքէջը, իսկ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 507-1933 թիւին, կամ youthcorps@ayfwest.org հասցէին:
Նշենք, որ անցեալ տարուան ծրագիրին մասին յօդուած մը տպուած էր ՀԵԴի պաշտօնաթերթ «Հայդուկ»ի վերջին թիւին մէջ, զոր կարելի է կարդալ՝ այցելելով Haytoug.org համացանցային կայքը:
Երիտասարդական ջոկատներու ծրագիրին մասնակիցները պիտի կազմակերպեն ու իրագործեն պատանիներու եւ երիտասարդներու յատուկ ճամբար մը, Հայաստանի երկրորդ քաղաքին՝ Գիւմրիի մէջ:
Անցեալ տարի, սոյն ծրագիրին շնորհիւ, մօտաւորապէս 150 պատանիներ եւ երիտասարդներ առիթը ունեցած էին մասնակցելու ճամբարին՝ ամուր կապեր ստեղծելով իրարու եւ միաժամանակ հազարաւոր մղոններ կտրած իրենց ազգակից երիտասարդներուն միջեւ: