ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կիրակի, Փետրուար 28ին, ՀԵԴն կազմակերպած էր Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ Մարտ 4ին քննուած եւ վաւերացուած Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին (թիւ 252) նուիրուած հանրային հաւաք մը, որուն ընթացքին բանաձեւին եւ անոր վաւերացումը ապահովելու նպատակով տարուող աշխատանքին մասին զեկուցեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Վիգէն Սոնենց Փափազեանը:
Անդրադառնալէ ետք Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու նպատակով Միացեալ Նահանգներու Քոնկերսին մէջ տարուած աշխատանքին եւ Ցեղասպանութեան բանաձեւին դէմ Թուրքիոյ ուրացման բազմաճակատ արշաւին ծալքերուն՝ Փափազեան Թուրքիոյ ուրացման արշաւը համարեց մարդկային տարրական իրաւանաց մեծագոյն ոտնակոխումներէն մէկը:
Ան նախատեսեց, թէ բանաձեւը պիտի վաւերացուի յանձնախումբին կողմէ, «որմէ ետք անոր ճակարտագիրը կախեալ է մեր բոլորէն», ըսաւ ան՝ կոչ ընելով ներկաներուն, որ գործօն մասնկցութիւն բերեն բանաձեւը վաւերացնելու աշխատանքին:
Այս կոչին ընդառաջելով՝ ՀԵԴի անդամներ Մարտ 2ին հեռաձայնային արշաւի մը նախաձեռնեցին եւ կոչ ուղղեցին հայկական համայնքի անդամներուն, որ իրենց շրջանի քոնկերսականին դիմելով՝ պահանջեն բանաձեւին վաւերացումը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.